Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Հայաստանի մէջ 20 յունիսին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ անոնց արդիւնքները պիտի նպաստեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման:
«Յոյսով ենք, որ ընտրական հոլովոյթի արդիւնքները օրէնսդրական ձեւակերպումէն ետք պիտի նպաստեն Հայաստանի յառաջադէմ զարգացման, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ամբողջ Անդրկովկասի շրջանին մէջ, նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու լիակատար իրագործման առումով», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած մեկնաբանութեան մէջ:
Զախարովա ընդգծած է, որ ընտրութիւններուն հետեւած են բազմաթիւ տեղացի եւ արտասահմանեան դէտեր, որոնց շարքին` Ռուսիայէն: ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ ընտրութիւնները անցած են Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան, եւ դէտերը չեն արձանագրած որեւէ մեծ խախտում, որ կրնար ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Նման գնահատական տուած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի եւ ԵԽԽՎ-ի առաքելութիւններուն դէտերը: