Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններու գործադրութիւնը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Անոնք անդրադարձած են շարք մը նիւթերու` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի 11 յունուար 2021-ի համաձայնութիւններու իրագործման ծիրին մէջ, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման: Ընդգծուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի կարեւոր ներդրումը շրջանի յետհակամարտային զարգացման գործին մէջ», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: