Ազրպէյճանն ու Թուրքիան մարտավարական ռազմափորձեր կը կատարեն Նախիջեւանի մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնեն ռուսական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:
«21-23 յունիս երկարող ժամանակաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան յատուկ մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց կը մասնակցին Նախիջեւանի կայազօրի զօրքերը եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու կառավարման մարմինները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, որ ռազմափորձերու ընթացքին զինուորները կը մշակեն կապի միասնական համակարգի օգնութեամբ գործողութիւններու համակարգումը, սպայակոյտերու միջեւ տուեալներու փոխանակման ապահովումը, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ ստացուած տուեալներու համարկումը մարտերու կառավարման միասնական համակարգին մէջ:
Ռազմափորձերուն մասնակցող անձնակազմին եւ սպառազինութեան թիւին վերաբերեալ տուեալներ չեն յայտնուիր:
Միաժամանակ, ռազմափորձերուն սովորութեան համաձայն, պայմանական հակառակորդի հրետանային մարտկոցը հարուած հասցուցած է ազրպէյճանական զօրքերու յառաջապահ դիրքերուն: Իսկ մարտկոցի տեղաշարժը ի հարկէ վերահսկուած է «Պայրաքթար-Թի.Պի.2» անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ: