Ռուսիոյ Խաղաղական ովկիանոսի նաւատորմիղի մարտանաւերը ծովային օդուժին հետ միասին նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուսումնական ռազմափորձեր կը կատարեն Խաղաղական ովկիանոսի կեդրոնական հատուածին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան:
Ուսումնավարժանքները կը կատարուին Քուրիլեան կղզիներէն 4600 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող շրջանին մէջ: Ուսումնավարժանքներուն կը մասնակցին շուրջ 20 մարտանաւեր, սուզանաւեր եւ օժանդակող նաւեր: Անոնց մէջ, մասնաւորաբար, ընդգրկուած են Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմիղի «Վարեագ» հրթիռային յածանաւը, «Մարշալ Շափոշնիքով» մարտանաւը, այլ նաւեր եւ սուզանաւ:
Բացի ատկէ, ռազմափորձերուն մասնակից են ծովային օդուժի «Թու-142Էմ3» օդանաւերը, որոնք 14 ժամ տեւողութեամբ թռիչքներ կատարած են: Ընդհանուր առմամբ, ռազմափորձերուն կը մասնակցի 20 օդանաւ:
Նաւերն ու օդանաւերը արդէն շարք մը առաջադրանքներ իրականացուցած են, մասնաւորաբար` պայմանական հակառակորդի օդային հարուածային խումբի ոչնչացումը:
Ռազմափորձերը կը կատարուին Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմիղի հրամանատար, ծովակալ Սերկէյ Աւագեանցի ղեկավարութեան տակ: