Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տեղի Ունեցած Է  Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի,  Ղազախստանի Եւ Իսրայէլի Դեսպաններու Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Ղազախստանի Եւ Իսրայէլի Դեսպաններու Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Ղազախստանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու հանդիպումը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ: «Ինծի համար մեծ պատիւ է իբրեւ հիւր հիւրընկալել դեսպան Մայքըլ Հերցոկը: Ազրպէյճանական-իսրայէլեան բարեկամութիւնը ներդրում է շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման գործին մէջ», գրած է Ազրպէյճանի դեսպանը: Հանդիպումի մասին գրառում կատարած է նաեւ...

«Զելենսքի Համաձայն Է Թուրքիոյ Մէջ  Փութինի Հետ Հանդիպելու»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Զելենսքի Համաձայն Է Թուրքիոյ Մէջ Փութինի Հետ Հանդիպելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 4 փետրուարին Ուքրանիա կատարած այցելութենէն վերադարձի ընթացքին խօսած է լրագրողներու հետ եւ յայտնած, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի համաձայն է Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը: «Այս անգամ պէտք է շատ յստակ ըսեմ: Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք այս հոլովոյթին (Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ լարուածութեան, «Ա.»), դժբախտաբար, Արեւմուտքը տակաւին ոչինչ...

Իրան Շարք Մը Երկիրներու Հետ Կը Բանակցի  Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Միջանցք Ստեղծելու Շուրջ

Իրան Շարք Մը Երկիրներու Հետ Կը Բանակցի Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Միջանցք Ստեղծելու Շուրջ

Իրան Ազրպէյճանի հետ կը խորհրդակցի Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքի շուրջ համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ: «Սաֆարի Իրան» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մեհտի Սաֆարի: Սաֆարի յայտնած է, որ Իրանի, Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի միջեւ կը շարունակուին Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքին վերաբերեալ համաձայնագիր կնքելու բանակցութիւնները, որոնց յաջորդ փուլը կը նախատեսուի կատարել ապրիլ-մայիսին Սոֆիայի մէջ, երբ...

Սուրիա Հասած Է Ռուսական Վեց  Մարտանաւերէ Բաղկացած Ջոկատը

Սուրիա Հասած Է Ռուսական Վեց Մարտանաւերէ Բաղկացած Ջոկատը

Հիւսիսային եւ Պալթեան նաւատորմիղի ցամաքահանումի վեց նաւեր հասած են Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի ռուսական ծովուժի ռազմակայան: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Անցումի ընդհանուր երկարութիւնը կազմած է աւելի քան 6000 ծովային մղոն», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ: Այժմ նաւերը կը համալրեն վառելանիւթերու, ըմպելի ջուրի եւ պարենամթերքի պաշարները: Ծովուժի նաւատորմիղի նիւթաթեքնիքական ապահովման կայանը...

Փենթակոն. «Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժեր  Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Զինուորական  Գործողութիւն Մը Կատարեցին»

Փենթակոն. «Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժեր Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Մը Կատարեցին»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան տակ գտնուող ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր երէկ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաքելութիւն» մը գործադրած են: Քըրպի իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Առաքելութիւնը յաջող էր, ոեւէ ամերիկացի զոհ չարձանագրուեցաւ»: «Ժազիրա» աւելի ուշ հաղորդեց. «Աֆրինի գիւղական շրջանին մէջ յայտնաբերուած բեկորները ամերիկեան օդանաւի մը, որ մասնակցած է Աթմայի...

«Այսուհետեւ Ռուսիոյ Ուքրանիա Հաւանական  Ներխուժումը «Մօտալուտ» Պիտի Չորակենք»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերը

«Այսուհետեւ Ռուսիոյ Ուքրանիա Հաւանական Ներխուժումը «Մօտալուտ» Պիտի Չորակենք» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերը

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ այսուհետեւ Ուքրանիա ռուսական զինուորական հաւանական ներխուժումը «մօտալուտ» պիտի չորակէ, հակառակ այն իրողութեան, որ ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ մնալ այն կարծիքին, որ այդ ներխուժումը «կրնայ որեւէ պահու տեղի ունենալ»: Ան այս յայտարարութեամբ փորձեց սրբագրել այն շփոթը, որ ստեղծած էր, երբ անցեալ շաբաթ լրագրողներուն առջեւ ըսած էր, թէ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ կուտակուած ռուսական ուժերը թերեւս...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

«Թուրքիան Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Ու Չի Ճանչնար Խրիմի Անօրինական Բռնակցումը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Թուրքիան կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս մասին յայտարարած է Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով: «Թուրքիան կ՛աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, չի ճանչնար Խրիմի անօրինական բռնակցումը եւ կողմնակից է Տոնպասի մէջ կացութեան խաղաղ լուծման` միջազգային օրէնքին համաձայն: Փոխադարձ քայլերը, որոնք...

Պայտընն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Ուքրանիոյ  Հարցը Եւ Համաձայնած  Համապարփակ Մօտեցում Դրսեւորել

Պայտընն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Ուքրանիոյ Հարցը Եւ Համաձայնած Համապարփակ Մօտեցում Դրսեւորել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ` անոր հետ քննարկելով Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ ռուսական ուժերու կուտակումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական գործակցութիւնը եւ Մոսկուայի դէմ կարողական պատժամիջոցները: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը: «Նախագահ Պայտըն եւ նախագահ Մաքրոն համաձայնած են, որ իրենց աշխատանքային խումբերը պիտի շարունակեն սերտ կապ...

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը  Երէկ Անակնկալ Կերպով Հասաւ Պահրէյն

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Երէկ Անակնկալ Կերպով Հասաւ Պահրէյն

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ իր առաջին պաշտօնական այցելութեամբ անակնկալ կերպով հասաւ Պահրէյն: Կը նախատեսուի, որ ան Իսրայէլի եւ Պահրէյնի միջեւ անվտանգութեան ոլորտի պատմական համաձայնութիւն մը կնքէ: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, «Կանց Պահրէյնի մէջ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնութիւն պիտի ստորագրէ»:  

Ապտուլ Ղէյթ Սուրիոյ` Արաբական Լիկայ  Վերադարձի Հարցին Քննարկման Համար Յառաջիկայ  Ամիս Նախարարներու Ժողովի Գումարումը Յայտարարեց

Ապտուլ Ղէյթ Սուրիոյ` Արաբական Լիկայ Վերադարձի Հարցին Քննարկման Համար Յառաջիկայ Ամիս Նախարարներու Ժողովի Գումարումը Յայտարարեց

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ Ամմանի մէջ յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս նախարարներու մակարդակով ժողով մը պիտի գումարուի` քննարկելու համար Սուրիոյ` Արաբական լիկայ վերադարձի հարցը: Նշենք, որ ան Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ` քննարկելով արաբական եւ շրջանային կացութեան զարգացումները:  

«Ֆրանսան Ռուսիոյ Կողմէն Ուքրանիոյ Տարածք  Զինուորական Ներխուժում  Կատարելու Ցանկութիւն Չի Տեսներ»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Ֆրանսան Ռուսիոյ Կողմէն Ուքրանիոյ Տարածք Զինուորական Ներխուժում Կատարելու Ցանկութիւն Չի Տեսներ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսան Ռուսիոյ կողմէն Ուքրանիոյ տարածք զինուորական ներխուժում կատարելու ցանկութիւն չի տեսներ: Երէկ այս մասին «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան: «Կացութիւնը շատ լուրջ է. տասնեակ հազարաւոր ռուս զինուորներ կը գտնուին Ուքրանիոյ սահմանին մօտ, կը սպասուին Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական եւ պիելոռուսական զօրքերու մասնակցութեամբ զինուորական փորձեր: Ներխուժման համար բոլոր պայմանները կան», կը պնդէ...

«Ֆրանսան Կ՛ուզէ Խուսափիլ  Ուքրանիոյ Մէջ Զինեալ Տագնապէն»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը

«Ֆրանսան Կ՛ուզէ Խուսափիլ Ուքրանիոյ Մէջ Զինեալ Տագնապէն» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը

Ֆրանսան կ՛ուզէ խուսափիլ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական տագնապէն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ֆրանս Էնֆօ» ձայնասփիւռի կայանէն յայտարարած է ֆրանսական կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ: «Փարիզ կ՛ուզէ խուսափիլ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական տագնապէն», ըսած է Աթալ:

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի Շուրջ  Իրանի Հետ Բանակցութիւնները  Կը Գտնուին Եզրափակիչ Փուլի Մէջ»

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Կը Գտնուին Եզրափակիչ Փուլի Մէջ»

Իրանի հետ իրանեան հիւլէական գործարքին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերադառնալու շուրջ բանակցութիւնները կը գտնուին եզրափակիչ փուլի մէջ, կողմերուն ոչ աւելի, քան քանի մը շաբաթ մնացած է համաձայնագիրի հասնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը: «Մենք այժմ կը գտնուինք ճամբու եզրափակիչ հատուածին մէջ: Ինչպէս արդէն մենք ըսած ենք,...

Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց`  Իսրայէլի Նախագահին Այցելութեան Դէմ

Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց` Իսրայէլի Նախագահին Այցելութեան Դէմ

Հարիւրաւոր ցուցարարներ Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի նախատեսուած այցելութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած են հրաժարիլ իսրայէլացի քաղաքական գործիչին ուղղուած հրաւէրէն: Թուրքիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ Իսրայէլի նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի առաջին կիսուն եւ այդ այցելութիւնը նոր էջ պիտի բանայ...

Էրտողան Անգարայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է  Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Էրտողան Անգարայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հրաւէրով երէկ մեկնած է Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Հասանովը: «Հապեր Կլոպըլ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ նաեւ տեղի ունեցած է Աքար-Հասանով հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւնները, այլ նաեւ շրջանային հարցեր: Աքար...

Միացեալ Նահանգներէն Ուքրանիա Հասած Է  Զինամթերքով Բեռնաւորուած 5-րդ Օդանաւը

Միացեալ Նահանգներէն Ուքրանիա Հասած Է Զինամթերքով Բեռնաւորուած 5-րդ Օդանաւը

Քիեւի մէջ էջք կատարած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ սպառազինական օգնութեան ծիրին մէջ զինամթերքով բեռնաւորուած հինգերորդ օդանաւը: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքովը: «Ուրեմն, տիր ֆրենտզ (թանկագին բարեկամներ), հինգերորդ թռչունը Քիեւի մէջ է: Միացեալ նահանգներէն տարբեր տրամաչափի յաւելեալ 84 թոն փամփուշտ բերուած է Ուքրանիա: Յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգներու մեր բարեկամներէն դարձեալ կը սպասենք զինեալ...

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Պաշտօնական Պատուիրակութեան Մը  Ընկերակցութեամբ Այցելեց Դամասկոս

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնական Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ Այցելեց Դամասկոս

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ Ալ Պուսայտի երէկ առաւօտուն պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հասաւ Դամասկոսի միջազգային օդակայան: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մքտատ իր օմանցի պաշտօնակիցը դիմաւորելով յայտնեց. «Սուլթանութիւնը Սուրիոյ կողքին կանգնած է ահաբեկչութեան դէմ անոր պատերազմին մէջ»: Մքտատ լրագրողներուն յայտնեց. «Մեր երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները շարունակական եղած են եւ բազմաթիւ տարիներ չեն խզուած, եւ ասիկա Սուրիոյ...

Չաւուշօղլու Մանամայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ  Պահրէյնի Գահաժառանգին Հետ

Չաւուշօղլու Մանամայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Պահրէյնի Գահաժառանգին Հետ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պըն Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա իշխանին հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ երկու կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման համար որդեգրուելիք քայլերը:  

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան  Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիան Շրջանցելու Համար Կազամատակարարման Այլ Աղբիւրներ Կը Փնտռէ

Եւրոպական Միութիւնը կազամատակարարման վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Ազրպէյճանի հետ, եթէ Ռուսիան որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: «Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այն պարագային, որ դիւանագիտութիւնը ձախողութեան մատնուի: Մենք կը սերտենք բոլոր տարբերակներն ու բեմագրութիւնները, ներառեալ աշխատանքը գործընկերներուն հետ, որոնցմէ...

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Քաղաքացիները  Դարձեալ Յորդորած Են Լքելու Ուքրանիան

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Քաղաքացիները Դարձեալ Յորդորած Են Լքելու Ուքրանիան

Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն դարձեալ կոչ ուղղած է` լքելու այդ երկիրը, եւ առաջարկած է ուղիներ, որոնց միջոցով ատիկա կարելի է ընել: «Ուքրանիոյ մէջ ապահովական կացութիւնը ռուսական զինուորական գործողութիւններու սպառնալիքներուն պատճառով կը մնայ անկանխատեսելի եւ կրնայ առանց նախազգուշացման վատթարանալ: Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիա գտնուող քաղաքացիները պէտք է մտածեն հիմա հեռանալու մասին` օգտուելով առեւտրական կամ այլ սեփական մեքենաներէն», կը նշուի յայտարարութեան...

Page 284 of 882 1 … 283 284 285 … 882

Արխիւներ