Իրանի հետ իրանեան հիւլէական գործարքին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերադառնալու շուրջ բանակցութիւնները կը գտնուին եզրափակիչ փուլի մէջ, կողմերուն ոչ աւելի, քան քանի մը շաբաթ մնացած է համաձայնագիրի հասնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը:
«Մենք այժմ կը գտնուինք ճամբու եզրափակիչ հատուածին մէջ: Ինչպէս արդէն մենք ըսած ենք, անոնք (բանակցութիւնները) չեն կրնար յաւերժ շարունակուիլ: Ատիկա ո՛չ կանխագուշակում է, ո՛չ սպառնալիք եւ ո՛չ ալ արհեստականօրէն սահմանուած ժամկէտեր: Ատիկա ընդամէնը պահանջ է, որ մենք հասցուցած ենք Իրանին եւ «5+1» խումբի բոլոր անդամներուն», հեռաձայնային մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, կողմերուն իրանեան հիւլէական գործարքի պայմաններու կատարման վերադարձին կը մնայ ոչ աւելի, քան քանի մը շաբաթ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ Թեհրան որդեգրած է անհրաժեշտ քաղաքական որոշում, թէ արդեօք ան մտադի՞ր է վերադառնալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին:


