Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ իր առաջին պաշտօնական այցելութեամբ անակնկալ կերպով հասաւ Պահրէյն: Կը նախատեսուի, որ ան Իսրայէլի եւ Պահրէյնի միջեւ անվտանգութեան ոլորտի պատմական համաձայնութիւն մը կնքէ:
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, «Կանց Պահրէյնի մէջ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնութիւն պիտի ստորագրէ»: