Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ Ամմանի մէջ յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս նախարարներու մակարդակով ժողով մը պիտի գումարուի` քննարկելու համար Սուրիոյ` Արաբական լիկայ վերադարձի հարցը:
Նշենք, որ ան Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ` քննարկելով արաբական եւ շրջանային կացութեան զարգացումները:


