Միջազգային

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը`  Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին`  «Կը Ջանանք Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ Փոխադարձ  Հասկացողութիւններու Գոյացման Առիթ Ստեղծել»

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը` Իր Սէուտցի Պաշտօնակիցին` «Կը Ջանանք Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ Փոխադարձ Հասկացողութիւններու Գոյացման Առիթ Ստեղծել»

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն կիրակի օր իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ քննարկած է սէուտ-իրանեան բանակցութիւններու 5-րդ փուլի գումարման ուշացման պատճառները` աւելցնելով, որ այդ առնչութեամբ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցած է: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ յայտնեց. «Նախարար Հիւսէյն յայտնեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը իր ամբողջ ջանքով կ՛աշխատի եւ...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանէն Եւրոպա Բնական Կազի  Մատակարարումներու Յաւելումը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանէն Եւրոպա Բնական Կազի Մատակարարումներու Յաւելումը

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանէն Եւրոպա բնական կազի մատակարարումներու տարեկան մինչեւ 10 միլիառ խորանարդ մեթր յաւելումը: Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի այս մասին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Քատրի Սիմսոնը: Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը «սերտ յարաբերութիւններ» ունի Ազրպէյճանի հետ, որ «ուժանիւթի վստահելի մատակարար է»: «Ազրպէյճանէն կազի մատակարարումներու յաւելումը կարեւոր է` ուժանիւթի...

Նշելով, Որ Ուքրանիոյ «Պայրաքթար»  Մատակարարելը Մեծ Սխալ Է.  «ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնումը Ռուսիոյ,  Թուրքիոյ Եւ Չինաստանին Վտանգ  Կը Ներկայացնէ Եւ Զայն Պիտի Քանդէ»  Կ՛ըսէ Փերինչեք

Նշելով, Որ Ուքրանիոյ «Պայրաքթար» Մատակարարելը Մեծ Սխալ Է. «ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնումը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Չինաստանին Վտանգ Կը Ներկայացնէ Եւ Զայն Պիտի Քանդէ» Կ՛ըսէ Փերինչեք

Թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Չինաստանին վտանգ կը ներկայացնէ: Փերինչեք «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պէյճինկ, ապա Անգարա այցելութիւնը մատնացոյց կ՛ընէ խաղաղութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան հաստատման ճամբու քարտէս մը, ո՛չ միայն շրջանին համար, այլ նաեւ աշխարհին համար: «Այցելութիւնը ձեւով մը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Սեւ ծովու, Միջերկրական ծովու, Արաբական...

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը Պիտի Արտօնէ  Եւրոպայի Մէջ Անվտանգութիւնը Երաշխաւորել»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը Պիտի Արտօնէ Եւրոպայի Մէջ Անվտանգութիւնը Երաշխաւորել» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը Եւրոպայի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հասնելու գլխաւոր միջոցն է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին: «Մենք լիարժէք եւ բաց երկխօսութեան հիմը դրած ենք 2019 թուականին», ըսած է Մաքրոն` յիշեցնելով իրենց միջեւ Պրեկանսոնի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած զրոյցները: «Կը կարծեմ, որ...

«2023-ի Նախագահական Ընտրութեան  Ժողովրդական Դաշինքի Թեկնածուն Էրտողանն Է»  Կ՛ըսէ Պահչելի

«2023-ի Նախագահական Ընտրութեան Ժողովրդական Դաշինքի Թեկնածուն Էրտողանն Է» Կ՛ըսէ Պահչելի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը պիտի ըլլայ «Ժողովրդական դաշինք»-ի 2023 թուականի նախագահական ընտրութեան թեկնածուն: Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է դաշինքի անդամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին: «Մեր նախագահի թեկնածուն յստակ է, ան Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: Ես կը հաւատամ, որ պարոն Էրտողանը 2023 թուականի յունիսին տեղի ունենալիք ընտրութեան ընթացքին մեծ տարբերութեամբ պիտի յաղթէ, եւ...

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Ծանուցած Են  Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը  Ոչնչացնելու Գործողութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Ծանուցած Են Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը Ոչնչացնելու Գործողութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ ծանուցած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարը ոչնչացնելու գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով Փենթակոնէն աղբիւրին: «Սի.Էն.Էն.» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ հակատագնապ մեքանիզմի մաս, Ռուսիոյ ըսած է, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող որոշակի տարածքի մէջ գործողութիւն պիտի կատարէ եւ առաջարկած է զերծ մնալ այդ տարածքին մէջ ներկայ գտնուելէն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Փութին. «Ռուս Խաղաղապահները Դարձած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

Փութին Կրնայ Թուրքիա Այցելել Փետրուարի Երկրորդ Կիսուն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրնայ Թուրքիա այցելել փետրուարի երկրորդ կիսուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին հաղորդած է թրքական «Ա հապեր» պատկերասփիւռի կայանը: «Այցելութիւնը, որուն թուականը յայտնի պիտի դառնայ Պէյճինկի ողիմպիականէն ետք, տեղի պիտի ունենայ փետրուարի երկրորդ կիսուն», կը հաղորդէ պատկերասփիւռի կայանը: Նախապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ...

Պայտըն Պենեթին Յայտնած Է,  Որ Մտադիր Է Այս Տարի Իսրայէլ Այցելել

Պայտըն Պենեթին Յայտնած Է, Որ Մտադիր Է Այս Տարի Իսրայէլ Այցելել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 6 փետրուարին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթին յայտնած է, որ մտադիր է այս տարի Իսրայէլ այցելելու: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը: «Նախագահը վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է Իսրայէլ այցելելու անոր հրաւէրին համար եւ ըսած, որ անհամբեր կը սպասէ այս տարի աւելի ուշ այցելութեան: Անոնք համաձայնած են, որ իրենց...

Իրանեան Կազը Թուրքիա Կը Մատակարարուի  Նախատեսուածին 50 Առ Հարիւրին Չափով

Իրանեան Կազը Թուրքիա Կը Մատակարարուի Նախատեսուածին 50 Առ Հարիւրին Չափով

Իրանէն Թուրքիա բնական կազի հոսքը կը շարունակէ կազմել նախատեսուած օրական ծաւալին 50 առ հարիւրը` թեքնիք խանգարումի պատճառով: Իրանեան կողմին մէջ կազի խողովակաշարի վերանորոգումը յետաձգուած է մինչեւ գարուն: Նախապէս որոշ թրքական ընկերութիւններ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած կամ նուազեցուցած են իրենց արտադրութիւնը` Իրանէն կազի մատակարարումներու կրճատման պատճառով: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ըստ վերջին պաշտօնական տուեալներուն, Իրան 2021 թուականի առաջին 10 ամիսներուն ապահոված է Թուրքիոյ...

ՆԱՍԱ Կը Զգուշացնէ Երկրագունդին Մօտեցող  «Վտանգաւոր Կարողականութեամբ» Երկնաքարէն

ՆԱՍԱ Կը Զգուշացնէ Երկրագունդին Մօտեցող «Վտանգաւոր Կարողականութեամբ» Երկնաքարէն

Մարտին Երկիր մոլորակին պիտի մօտենայ 138971 (2001 ՍԻՊԻ21) անունը ստացած երկնաքարը: «Նիուզուիք» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ երկնաքարին տրամագիծը 1,3 քիլոմեթր է: ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները կը նշեն, որ երկնային մարմինը իր չափով չորս անգամ կը գերազանցէ Էյֆելեան աշտարակը: Կ՛ակնկալուի, որ անիկա մեր մոլորակին կողքէն անցնի 4 մարտին Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Երկնաքարը կը շարժի ժամական շուրջ 43000 քիլոմեթր արագութեամբ: ՆԱՍԱ զայն...

Միացեալ Նահանգներ Վերսկսած Են Իրանի  Քաղաքային Հիւլէական Ծրագիրներուն Դէմ  Սահմանափակումներու Ջնջումին

Միացեալ Նահանգներ Վերսկսած Են Իրանի Քաղաքային Հիւլէական Ծրագիրներուն Դէմ Սահմանափակումներու Ջնջումին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը վերականգնած է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը, ինչ որ այդ երկրին պիտի արտօնէ շարունակել միջազգային հիւլէական համագործակցութեան նախագիծերը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները այս որոշումը տուած են, երբ 2015 թուականի հիւլէական գործարքի վերականգնման շուրջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները կը թեւակոխեն վերջնական փուլ: Կը հաղորդուի, որ պատժամիջոցներու մեղմացումը ռուսական, չինական եւ եւրոպական ընկերութիւններուն...

Քաթարի Իշխանը Ծոցի Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր  Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիպում  Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Քաթարի Իշխանը Ծոցի Տագնապի Սկիզբէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, էմիրաթական զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար շէյխ Համատ պըն Զայետ Ալ Նահիան Պէյճինկի մէջ հանդիպում մը ունեցած են: Քաթարեան պետական ՔԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխանը Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկի շաբաթ օր` Պէյճինկի մէջ ձմեռնային ողիմպիական 24-րդ խաղերուն մասնակից պատուիրակութիններուն ի պատիւ հրաւիրած ընթրիքի ծիրին մէջ հանդիպում...

Հակառակ Զինք Փրկելու  5-Օրեայ Ջանքերուն.  Մարոքի Մէջ Ջրհորը Ինկած  5-Ամեայ Ռայանը Մահացած Է

Հակառակ Զինք Փրկելու 5-Օրեայ Ջանքերուն. Մարոքի Մէջ Ջրհորը Ինկած 5-Ամեայ Ռայանը Մահացած Է

Փրկարարներն ու կամաւորները չեն յաջողած փրկել կեանքը 5-ամեայ Ռայանի, որ Մարոքի հիւսիսը ինկած էր ջրհորը: Փրկարարներու խումբը շաբաթ երեկոյեան երեխային դիակը գրկած դուրս եկած է փապուղիէն: Մարոքի արքունիքը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց անոր մահը` նշելով, որ Մոհամետ Զ. թագաւորը հեռաձայնած է անոր ծնողքին եւ ցաւակցութիւն յայտնած: Կ՛ենթադրուի, որ Ռայանի մահուան պատճառը գլուխի ծանր վնասուածքն է: 1 փետրուարին Մարոքի հիւսիսային...

«Կը Զօրակցինք Թանափ Խողովակաշարի  Կարողականութեան Յաւելման»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

«Կը Զօրակցինք Թանափ Խողովակաշարի Կարողականութեան Յաւելման» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ Պաքուի մէջ «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրի խորհրդատուական խորհուրդի 8-րդ ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիան կը զօրակցի բնական կազի անդրանատոլական ԹԱՆԱՓ խողովակաշարի կարողականութեան յաւելման: Ազրպէյճանական կազի տեղափոխման յատկացուած «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրին նպատակը Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան ապահովման եւ աղբիւրներու բազմազանման իրականացումն է: Տէօնմեզ նշեց, որ ԹԱՆԱՓ-ը, որ «Կազի հարաւային միջանցք»-ին մէկ մասը կը նկատուի,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

«Յորդանանին «Էֆ-16»-ներ Ծախելու Գործարքը Ամբողջութեամբ Ֆինանսաւորուած Է Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Կողմէ» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ Յորդանանին «Էֆ-16» օդանաւերու վաճառքի գործարքը օտար զինուորական ֆինանսաւորման դրամաշնորհի ճամբով ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Նախարարութեան քաղաքական ու զինուորական հարցերու բաժանմունքը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Էֆ-16»-ներու 4,21 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքին նպատակը Միացեալ Նահանգներու կենսական գործընկերոջ մը ամրապնդման համար ներդրում կատարելն է: Լաւատեղեակ աղբիւրներ...

«Նախագահ Դառնալուս Պարագային  Ֆրանսան Դուրս Պիտի Գայ ՕԹԱՆ-էն»  Կ՛ըսէ Մարին Լը Փեն

«Նախագահ Դառնալուս Պարագային Ֆրանսան Դուրս Պիտի Գայ ՕԹԱՆ-էն» Կ՛ըսէ Մարին Լը Փեն

Աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Մարին Լը Փեն խոստացած է, որ նախագահ ընտրուելուն պարագային Ֆրանսան դուրս պիտի գայ ՕԹԱՆ-էն: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք պէտք է ազատօրէն պաշտպանենք մեր շահերը, դուրս գանք զինուորական պլոքներու տրամաբանութենէն... Հետեւաբար, մենք դուրս պիտի գանք ՕԹԱՆ-ի միացեալ հրամանատարութենէն, որպէսզի այլեւս չկարենանք ներքաշուիլ այլոց տագնապներուն մէջ», ըսած է Լը Փեն` իր...

Ուաշինկթըն. «Ռուսիոյ Կողմէ Հարաւային  Ամերիկայի Երկիրներուն Զէնք Մատակարարելու  Պարագային Ձեռնածալ Պիտի Չմնանք»

Ուաշինկթըն. «Ռուսիոյ Կողմէ Հարաւային Ամերիկայի Երկիրներուն Զէնք Մատակարարելու Պարագային Ձեռնածալ Պիտի Չմնանք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Ռուսիան Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն զէնք մատակարարէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի արեւմտեան կիսագունդի հարցերով օգնական Պրայըն Նիքըլզ յայտնեց, որ կայունութեան քայքայման կամ տագնապը Ուքրանիայէն Ամերիկայի մօտ գտնուող արեւմտեան կիսագունդ փոխադրելու փորձերը մերժելի են: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները Երկիր մոլորակի ամբողջ կիսագունդի իրենց գործընկերներուն հետ աշխատանք պիտի տանին,...

Չինաստանն Ու Ռուսիան Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղեն`  Հրաժարելու Ասիոյ, Խաղաղական Ովկիանոսի  Եւ Եւրոպայի Շրջաններուն Մէջ Միջին Ու Կարճ  Հասողութեամբ Հրթիռներ Տեղակայելու Ծրագիրէն

Չինաստանն Ու Ռուսիան Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղեն` Հրաժարելու Ասիոյ, Խաղաղական Ովկիանոսի Եւ Եւրոպայի Շրջաններուն Մէջ Միջին Ու Կարճ Հասողութեամբ Հրթիռներ Տեղակայելու Ծրագիրէն

Չինաստանն ու Ռուսիան երէկ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեցին` «հրաժարելու Ասիոյ, Խաղաղական ովկիանոսի եւ Եւրոպայի շրջաններուն մէջ միջին ու կարճ հասողութեամբ հրթիռներ տեղակայելու ծրագիրէն»: Երկու երկիրները իրենց նախագահներուն Վլատիմիր Փութինի եւ Շի Ճին Փինկի Պէյճինկի մէջ հանդիպումի ընթացքին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեամբ մտահոգութիւն յայտնեցին «Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը զարգացնելու եւ ատոր տարրերը աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղակայելու...

Ազրպէյճանի Խորհրդարանէն Ետք.  Թուրքիոյ Խորհրդարանը Եւս  Վաւերացուցած Է Շուշիի Հռչակագիրը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանէն Ետք. Թուրքիոյ Խորհրդարանը Եւս Վաւերացուցած Է Շուշիի Հռչակագիրը

Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Ազրպէյճանի հետ զինուորական համագործակցութեան մասին Շուշիի հռչակագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան լրագրողը: Փաստաթուղթի որդեգրման թեր քուէարկած է 266 երեսփոխան: Շուշիի հռչակագիրը, որ նախապէս քննարկման ներկայացուած էր արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, բարձր գնահատուած է յանձնախումբին կողմէ եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է իբրեւ պատմական կարեւոր փաստաթուղթ: Նախապէս հռչակագիրը հաստատուած էր Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ: Համագործակցութեան...

Պայտըն ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը Ոչնչացնելու  Գործողութեան Իրենց Օգնութեան Համար  Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Քիւրտերուն

Պայտըն ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը Ոչնչացնելու Գործողութեան Իրենց Օգնութեան Համար Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Սուրիոյ Քիւրտերուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնած է քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Աթմա քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ղեկավարը ոչնչացնելու գործողութեան անոնց ցուցաբերած օգնութեան համար: Սպիտակ տան ղեկավարը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ղեկավար Ապտուլլա Քորէյշիի ոչնչացման յանգեցուցած գործողութեան մանրամասնութիւնները` շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն: «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` Աթմա քաղաքին մէջ...

Page 283 of 882 1 … 282 283 284 … 882

Արխիւներ