Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զելենսքի Համաձայն Է Թուրքիոյ Մէջ Փութինի Հետ Հանդիպելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

February 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 4 փետրուարին Ուքրանիա կատարած այցելութենէն վերադարձի ընթացքին խօսած է լրագրողներու հետ եւ յայտնած, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի համաձայն է Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը:

«Այս անգամ պէտք է շատ յստակ ըսեմ: Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք այս հոլովոյթին (Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ լարուածութեան, «Ա.»), դժբախտաբար, Արեւմուտքը տակաւին ոչինչ ըրած է այս հարցը լուծելու համար: Ես շատ կարեւոր կը նկատեմ պարոն Փութինի հետ այս հարցին շուրջ հանդիպումը, որովհետեւ Զելենսքիի հետ հանդիպումի ընթացքին տեսայ, որ մենք արդէն այս հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն ունինք: Այս պահուն Եւրոպայի մէջ այս հարցի լուծման առումով լուրջ խնդիր կայ», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Զելենսքիի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Փութինի եւ անոր հանդիպումը կազմակերպելու շուրջ:

Էրտողան 3 փետրուարին մեկնած էր Ուքրանիա:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը ընդլայնելու շուրջ Քիեւի եւ Անգարայի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ըսած է. «ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի` Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պաշտպանական համագործակցութիւնը, կը կարծենք, կ՛ուժեղացնէ շրջանային կայունութիւնը եւ Ուքրանիոյ` ինքզինք պաշտպանելու կարողութիւնը»:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ «ընդհանուր առմամբ կը խրախուսեն դաշնակիցներու եւ գործընկերներու` Ուքրանիոյ անվտանգութեան ոլորտին մէջ օգնութիւն ցուցաբերելը: Միեւնոյն ժամանակ մենք խստօրէն հանդէս կու գանք ռազմական սպառազինութեան պատշաճ կիրարկման օգտին` զինեալ տագնապներու օրէնքներուն համապատասխան, նաեւ այնպէս, որ չվնասեն խաղաղ բնակչութեան»:

Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ լարուածութեան մագլցումի լոյսին տակ, ամերիկեան ուժեր հասած են Լեհաստան:

 

Նախորդը

Իրան Շարք Մը Երկիրներու Հետ Կը Բանակցի Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Միջանցք Ստեղծելու Շուրջ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Ղազախստանի Եւ Իսրայէլի Դեսպաններու Հանդիպում

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.