«Մինչ Իսրայէլի Նախագահը Կայունութեան Ամրապնդման Համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Կ՛այցելէ, Հուսիները Քաղաքայիները Վտանգող Յարձակումներ Կը Շղթայազերծեն» Կ՛ըսէ Փրայս
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս դատապարտեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ հուսիներու վերջին ահաբեկչական յարձակումը»: «Մինչ Իսրայէլի նախագահը կամուրջներու հաստատման եւ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կ՛այցելէ, հուսիները կը շարունակեն քաղաքայինները վտանգող յարձակումներ շղթայազերծել», նշեց Փրայս: Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ վնասազերծուած է հուսիներու կողմէ արձակուած թեւաւոր հրթիռ մը` աւելցնելով,...




















