Հիւսիսային եւ Պալթեան նաւատորմիղի ցամաքահանումի վեց նաւեր հասած են Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի ռուսական ծովուժի ռազմակայան: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Անցումի ընդհանուր երկարութիւնը կազմած է աւելի քան 6000 ծովային մղոն», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ: Այժմ նաւերը կը համալրեն վառելանիւթերու, ըմպելի ջուրի եւ պարենամթերքի պաշարները:
Ծովուժի նաւատորմիղի նիւթաթեքնիքական ապահովման կայանը կը գտնուի Միջերկրական ծովու ափի Թարթուս նաւահանգիստի շրջանին մէջ, այդ վայրը կայանման, վերանորոգման եւ պաշարներու համալրման համար է: Այդ մեծ նաւերը նախատեսուած են չսարքաւորուած ափին ցամաքահանում կատարելու եւ ծովու ճամբով զօրքեր ու բեռներ տեղափոխելու համար: Կրնան տեղափոխել տարբեր տեսակի սպառազինութիւն:
Ռուսիոյ զինեալ ուժերու նախապատրաստման 2022 թուականի ծրագիրին համապատասխան յունուար-փետրուարին նաւատորմիղներու պատասխանատուութեան բոլոր գօտիներուն մէջ կը կատարուին շարք մը ծովուժային վարժանքներ` ծովուժի նաւատորմիղի ընդհանուր հրամանատար ծովակալ Նիքոլայ Եւմենովի ընդհանուր ղեկավարութեամբ:


