Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ` անոր հետ քննարկելով Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ ռուսական ուժերու կուտակումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական գործակցութիւնը եւ Մոսկուայի դէմ կարողական պատժամիջոցները: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը:
«Նախագահ Պայտըն եւ նախագահ Մաքրոն համաձայնած են, որ իրենց աշխատանքային խումբերը պիտի շարունակեն սերտ կապ պահպանել, ներառեալ` խորհրդակցութիւններ կատարել ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու եւ Եւրոպական Միութեան անդամ գործընկերներու հետ` այդ խնդիրներու լուծման հարցին մէջ համապարփակ մօտեցում դրսեւորելու համար:


