Ֆրանսան Ռուսիոյ կողմէն Ուքրանիոյ տարածք զինուորական ներխուժում կատարելու ցանկութիւն չի տեսներ: Երէկ այս մասին «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան:
«Կացութիւնը շատ լուրջ է. տասնեակ հազարաւոր ռուս զինուորներ կը գտնուին Ուքրանիոյ սահմանին մօտ, կը սպասուին Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական եւ պիելոռուսական զօրքերու մասնակցութեամբ զինուորական փորձեր: Ներխուժման համար բոլոր պայմանները կան», կը պնդէ Լը Տրիան:
«Սակայն ներկայիս մենք ոչ մէկ կարգի տեղեկութիւն ունինք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գործողութեան անցնելու ցանկութեան մասին», աւելցուցած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Նախարարը նշած է, որ այժմ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման աշխատանքը: Ան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու «նորմանտական ձեւաչափ»-ի երկիրներու (Ռուսիա, Ուքրանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) քաղաքական խորհրդականներու վերջին հանդիպումի ընթացքին «համեստ յառաջընթաց ձեռք բերուած է», սակայն յաջողութեան զարգացման համար ներուժ կայ:
«Մենք կրնանք Ուքրանիոյ շուրջ համաձայնութեան հասնիլ: Պայմանները յայտնի են, անհրաժեշտ է միայն քաղաքական կամք` վատթարագոյնէն խուսափելու համար», արձանագրած է Տրիան:


