Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Ու Չի Ճանչնար Խրիմի Անօրինական Բռնակցումը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

February 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հարցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս մասին յայտարարած է Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով:

«Թուրքիան կ՛աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, չի ճանչնար Խրիմի անօրինական բռնակցումը եւ կողմնակից է Տոնպասի մէջ կացութեան խաղաղ լուծման` միջազգային օրէնքին համաձայն: Փոխադարձ քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկուին Ռազմավարական խորհուրդի 10-րդ նիստի ընթացքին, պիտի նպաստեն մեր երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ընդգծած են նաեւ, որ «Խրիմի թաթարներու շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած միացեալ ջանքերը, որոնք բարեկամութեան կամուրջ կը հանդիսանան Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, առաւել եւս կ՛ամրապնդեն թուրք-ուքրանական յարաբերութիւնները»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան եւ ռուս-ուքրանական տագնապի բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

 

 

Նախորդը

Պայտընն Ու Մաքրոնը Քննարկած Են Ուքրանիոյ Հարցը Եւ Համաձայնած Համապարփակ Մօտեցում Դրսեւորել

Յաջորդը

«Այսուհետեւ Ռուսիոյ Ուքրանիա Հաւանական Ներխուժումը «Մօտալուտ» Պիտի Չորակենք» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.