Իրանէն Թուրքիա բնական կազի հոսքը կը շարունակէ կազմել նախատեսուած օրական ծաւալին 50 առ հարիւրը` թեքնիք խանգարումի պատճառով: Իրանեան կողմին մէջ կազի խողովակաշարի վերանորոգումը յետաձգուած է մինչեւ գարուն:
Նախապէս որոշ թրքական ընկերութիւններ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած կամ նուազեցուցած են իրենց արտադրութիւնը` Իրանէն կազի մատակարարումներու կրճատման պատճառով:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ըստ վերջին պաշտօնական տուեալներուն, Իրան 2021 թուականի առաջին 10 ամիսներուն ապահոված է Թուրքիոյ բնական կազի կարիքներուն 16 առ հարիւրը:


