Պաշտպանութեան Նախարարէն 2 Շաբաթ Ետք. Իսրայէլի Վարչապետը Այցելեց Պահրէյն
Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ երկուշաբթի օր այցելեց Պահրէյն, ինչ որ Իսրայէլի վարչապետի մը կողմէ առաջին հրապարակային այցելութիւնն էր: Երկու շաբաթ առաջ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառի համաձայնութիւն մը ստորագրուած էր: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց 2 փետրուարին այցելած էր Մանամա եւ յայտնած, որ իսրայէլեան բանակէն սպայ մը պիտի տեղակայուի Պահրէյնի մէջ` մաս կազմելով Միջազգային դաշինքին: Իսրայէլ եւ Պահրէյն 2020 թուականին...




















