Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Զօրակցինք Թանափ Խողովակաշարի Կարողականութեան Յաւելման» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

February 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ Պաքուի մէջ «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրի խորհրդատուական խորհուրդի 8-րդ ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիան կը զօրակցի բնական կազի անդրանատոլական ԹԱՆԱՓ խողովակաշարի կարողականութեան յաւելման:

Ազրպէյճանական կազի տեղափոխման յատկացուած «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրին նպատակը Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան ապահովման եւ աղբիւրներու բազմազանման իրականացումն է:

Տէօնմեզ նշեց, որ ԹԱՆԱՓ-ը, որ «Կազի հարաւային միջանցք»-ին մէկ մասը կը նկատուի, կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որ շատ արագ կերպով որդեգրուած ու գործադրուած է:

Ան ըսաւ, որ ԹԱՆԱՓ-ը այն մեծ ծրագիրներէն մէկն է, որ կը նպաստէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Եւրոպայի կազի կարիքներու բաւարարման:

Տէօնմեզ յայտնեց, որ ԹԱՆԱՓ-ը  այժմ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ կը տեղափոխէ` 6 միլիառ խորանարդ մեթրը` Թուրքիոյ կարիքներուն բաւարարման համար, իսկ 10 միլիառը կ՛երթայ Եւրոպա:

«Խողովակաշարի ծրագրման ընթացքին ծրագրուած է անոր տարեկան կարողականութիւնը ապագային 31 միլիառ խորանարդ մեթրի բարձրացնել` առաջարկին ու պահանջարկին համաձայն: Թերեւս միասնաբար պիտի տեսնենք, որ խողովակաշարը առանց երկար սպասումի պիտի հասնի այն ծաւալին, որուն համար ստեղծուած էր: Կը զօրակցինք ծաւալի յաւելման», աւելցուց թուրք նախարարը:

ԹԱՆԱՓ-ի բացումը կատարուած էր 2018 թուականին:

Նախորդը

«Յորդանանին «Էֆ-16»-ներ Ծախելու Գործարքը Ամբողջութեամբ Ֆինանսաւորուած Է Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Կողմէ» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Հակառակ Զինք Փրկելու 5-Օրեայ Ջանքերուն. Մարոքի Մէջ Ջրհորը Ինկած 5-Ամեայ Ռայանը Մահացած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.