Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Ուքրանիոյ «Պայրաքթար» Մատակարարելը Մեծ Սխալ Է. «ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնումը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Չինաստանին Վտանգ Կը Ներկայացնէ Եւ Զայն Պիտի Քանդէ» Կ՛ըսէ Փերինչեք

February 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Չինաստանին վտանգ կը ներկայացնէ:

Փերինչեք «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պէյճինկ, ապա Անգարա այցելութիւնը մատնացոյց կ՛ընէ խաղաղութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան հաստատման ճամբու քարտէս մը, ո՛չ միայն շրջանին համար, այլ նաեւ աշխարհին համար:

«Այցելութիւնը ձեւով մը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Սեւ ծովու, Միջերկրական ծովու, Արաբական ծովու եւ Հորմուզի նեղուցի մէջ պատերազմի սպառնալիքին դէմ ուղղուածութիւն ունի», աւելցուց ան:

«Պատգամը այն է, որ Ռուսիան, Թուրքիան, Չինաստանն ու Իրանը միասնաբար կը գործեն: Այս չորս երկիրները միայն կարող են ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը արգիլել: ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը այդ չորս պետութիւններուն վտանգ կը ներկայացնէ», նշեց Փերինչեքը` աւելցնելով. «Դաշինքին ընդլայնումը ինքնին ՕԹԱՆ-ին սպառնալիք է եւ անոր քանդումին պիտի յանգեցնէ… Հիւսիսատլանտեան դաշինքին համար բաց մը, վիհ մը կայ… Փութինի Չինաստան եւ Թուրքիա այցելութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին գերեզմանն է, ուստի պատմական առումով կարեւոր է»:

Փերինչեք նաեւ ընդգծեց, որ Ուքրանիոյ «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը Անգարայի վրայ ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ: «Թուրքիոյ կողմէ Ուքրանիոյ «Պայրաքթար» տիպի անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը մեծ սխալ մըն է»:

Անոր համաձայն, Թուրքիոյ սպառնացող վտանգը կու գայ Միացեալ Նահանգներէն եւ ՕԹԱՆ-էն:

«Մենք ասիկա կ՛ըսենք տարիներէ ի վեր: Միացեալ Նահանգներն են, որոնք կ՛աջակցին ահաբեկչական ՔԱԿ-ին եւ ՖԵԹՕ-ին (Իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլա Կիւլենի կազմակերպութիւնը)», ըսած է ան:

Փերինչեք Թուրքիոյ կոչ ուղղած է Խրիմը ճանչնալու իբրեւ ռուսական հողամաս:

 

 

 

Նախորդը

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը Պիտի Արտօնէ Եւրոպայի Մէջ Անվտանգութիւնը Երաշխաւորել» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանէն Եւրոպա Բնական Կազի Մատակարարումներու Յաւելումը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.