Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յորդանանին «Էֆ-16»-ներ Ծախելու Գործարքը Ամբողջութեամբ Ֆինանսաւորուած Է Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Կողմէ» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

February 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ Յորդանանին «Էֆ-16» օդանաւերու վաճառքի գործարքը օտար զինուորական ֆինանսաւորման դրամաշնորհի ճամբով ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ:

Նախարարութեան քաղաքական ու զինուորական հարցերու բաժանմունքը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Էֆ-16»-ներու 4,21 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքին նպատակը Միացեալ Նահանգներու կենսական գործընկերոջ մը ամրապնդման համար ներդրում կատարելն է:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ յորդանանեան «Ամոն» կայքին յայտնեցին, որ յորդանանեան կառավարութիւնը, յորդանանեան զինեալ ուժերը, Յորդանանի թագաւորական օդուժը կամ յորդանանեան կառավարական որեւէ կողմ որեւէ գումար պիտի չվճարեն ֆինանսաւորելու համար գործարքը, զոր ամբողջութեամբ ֆինանսաւորած է ամերիկեան կողմը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը նախապէս հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Միջին Արեւելքի մէջ դաշնակիցներու, որոնց շարքին Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Սէուտական Արաբիոյ սպառազինութեան վաճառքի շարք մը հաւանական գործարքներու:

Փենթակոնի պաշտպանական անվտանգութեան գործակցութեան գործակալութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած գործարքներուն շարքին է Յորդանանին շուրջ 4,21 միլիառ արժողութեամբ «Էֆ-16» հալածիչներու եւ սպառազինութեան հաւանական վաճառքը:

 

 

Նախորդը

«Նախագահ Դառնալուս Պարագային Ֆրանսան Դուրս Պիտի Գայ ՕԹԱՆ-էն» Կ՛ըսէ Մարին Լը Փեն

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Թանափ Խողովակաշարի Կարողականութեան Յաւելման» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.