Աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Մարին Լը Փեն խոստացած է, որ նախագահ ընտրուելուն պարագային Ֆրանսան դուրս պիտի գայ ՕԹԱՆ-էն: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք պէտք է ազատօրէն պաշտպանենք մեր շահերը, դուրս գանք զինուորական պլոքներու տրամաբանութենէն… Հետեւաբար, մենք դուրս պիտի գանք ՕԹԱՆ-ի միացեալ հրամանատարութենէն, որպէսզի այլեւս չկարենանք ներքաշուիլ այլոց տագնապներուն մէջ», ըսած է Լը Փեն` իր համակիրներուն հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 2022-ին: Շարք մը թեկնածուներ արդէն յայտարարած են նախագահական ընտրութեան մասնակցելու իրենց ցանկութիւնը:
Անոնց շարքին են Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն, աջ կեդրոնամէտ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Վալերի Փեքրես, ծայրայեղ աջ Վերանուաճում կուսակցութեան ղեկավար Էրիք Զեմուր, ձախակողմեան «Ֆրանսան անհնազանդ» կուսակցութեան ղեկավար Ժան-Լիւք Մելանշոն, «Եւրոպա-Կենսոլորտ-Կանաչներ» կուսակցութեան անդամ Եանիք Ժատոն, Համայնավար կուսակցութեան ազգային քարտուղար Ֆապիեն Ռուսել, Փարիզի քաղաքապետ, Ընկերվարական կուսակցութենէն Անն Իտալկօ եւ Ֆրանսայի արդարադատութեան նախկին նախարար Քրիսթիան Թոպիրա:
Գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած նախընտրական պայքարին մասնակցելու մասին:


