Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Պենեթին Յայտնած Է, Որ Մտադիր Է Այս Տարի Իսրայէլ Այցելել

February 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 6 փետրուարին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթին յայտնած է, որ մտադիր է այս տարի Իսրայէլ այցելելու: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Նախագահը վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է Իսրայէլ այցելելու անոր հրաւէրին համար եւ ըսած, որ անհամբեր կը սպասէ այս տարի աւելի ուշ այցելութեան: Անոնք համաձայնած են, որ իրենց խումբերը պիտի շարունակեն սերտ խորհրդակցութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երկու երկիրներու ղեկավարները հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են անվտանգութեան հարցեր եւ «միջին արեւելեան շրջանի այլ մարտահրաւէրներ, ներառեալ «Իրանի սպառնալիքը»:

«(Միացեալ Նահանգներու) նախագահը ընդգծած է Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան եւ գործընկերութեան ամրապնդման իր յանձնառութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զրոյցի նիւթերէն մէկը դարձած է ամերիկեան ուժերու` Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Իպրահիմ Հաշեմի Քուրէյշիի ոչնչացման գործողութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարած է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ ազատութեան գործողութիւններու իր անդրդուելի աջակցութիւնը` ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով իսրայէլեան «Երկաթէ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի լիակատար օժանդակութեան վրայ:

Բացի ատկէ, Պայտըն եւ Պենեթ քննարկած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը:

 

Նախորդը

Իրանեան Կազը Թուրքիա Կը Մատակարարուի Նախատեսուածին 50 Առ Հարիւրին Չափով

Յաջորդը

Բարբառագիտութիւնը Եւ Անտիոքի Հայերէն Խօսուածքները (Բարբառագէտներուն)

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.