Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանն Ու Ռուսիան Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղեն` Հրաժարելու Ասիոյ, Խաղաղական Ովկիանոսի Եւ Եւրոպայի Շրջաններուն Մէջ Միջին Ու Կարճ Հասողութեամբ Հրթիռներ Տեղակայելու Ծրագիրէն

February 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանն ու Ռուսիան երէկ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեցին` «հրաժարելու Ասիոյ, Խաղաղական ովկիանոսի եւ Եւրոպայի շրջաններուն մէջ միջին ու կարճ հասողութեամբ հրթիռներ տեղակայելու ծրագիրէն»:

Երկու երկիրները իրենց նախագահներուն Վլատիմիր Փութինի եւ Շի Ճին Փինկի Պէյճինկի մէջ հանդիպումի ընթացքին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեամբ մտահոգութիւն յայտնեցին «Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը զարգացնելու եւ ատոր տարրերը աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղակայելու ծրագիրին» նկատմամբ:

Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն կենսաբանական աշխատանքները «մտահոգութիւն կը յառաջացնեն եւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի համար սպառնալիք են»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց. «Ռուսիան եւ Չինաստանը աշխատանք կը տանին արտաքին ուժերու կողմէ անվտանգութեան ոտնահարման քայլերուն դէմ եւ գունաւոր յեղափոխութիւններուն դէմ գործակցութիւնը աւելցնելու»:

Երկու երկիրները նշեցին, որ իրենք մտադիր են «դիմակայել որեւէ պատրուակով օտար ուժերու կողմէ գերիշխան երկիրներու ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն»:

Ռուսիա իր կարգին յայտնեց, որ Թայուանը Չինաստանի անբաժանելի մասն է, եւ որ ինք դէմ է կղզիի որեւէ ձեւի անկախութեան:

Փութինի եւ Ծինփինի միացեալ յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ռուսիան ու Չինաստանը կառուցած են «նոր տիպի յարաբերութիւններ», որոնք կը գերազանցեն Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի ռազմաքաղաքական դաշինքները:

Մոսկուան եւ Պէյճինկը խորապէս մտահոգ են միջազգային անվտանգութեան ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներով եւ վստահ են, որ ոչ մէկ պետութիւն կրնայ եւ պէտք է իր անվտանգութիւնը ապահովէ ուրիշներու հաշուոյն:

Ռուսիան եւ Չինաստանը դէմ են ՕԹԱՆ-ի հետագայ ընդլայնման եւ դաշինքին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու Պաղ պատերազմի մօտեցումներէն: Պէյճինկ «կը հասկնայ եւ կ՛աջակցի» Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան երկարաժամկէտ երաշխիքներու ձեւաւորման ռուսական առաջարկներուն:

Երկու երկիրները մտադիր են աշխուժացնել Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան զարգացման ծրագիրներու զուգակցումը` ԵԱՏՄ-ի եւ Չինաստանի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործնական համագործակցութիւնը խորացնելու, Ասիա-խաղաղովկիանոսեան եւ եւրասիական շրջաններու միջեւ փոխկապակցուածութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանէն Ետք. Թուրքիոյ Խորհրդարանը Եւս Վաւերացուցած Է Շուշիի Հռչակագիրը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Ռուսիոյ Կողմէ Հարաւային Ամերիկայի Երկիրներուն Զէնք Մատակարարելու Պարագային Ձեռնածալ Պիտի Չմնանք»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.