Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Ազրպէյճանի հետ զինուորական համագործակցութեան մասին Շուշիի հռչակագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան լրագրողը:
Փաստաթուղթի որդեգրման թեր քուէարկած է 266 երեսփոխան: Շուշիի հռչակագիրը, որ նախապէս քննարկման ներկայացուած էր արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, բարձր գնահատուած է յանձնախումբին կողմէ եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է իբրեւ պատմական կարեւոր փաստաթուղթ:
Նախապէս հռչակագիրը հաստատուած էր Ազրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ:
Համագործակցութեան մասին Շուշիի հռչակագիրը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 15 յունիս 2021-ին Շուշիի մէջ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիր է:
Փաստաթուղթին ստորագրութենէն ետք Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ անիկա բարձրագոյն մակարդակի կը հասցնէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը: Հռչակագիրը կ՛ենթադրէ փոխադարձ զինուորական օգնութիւն եւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սերտ համագործակցութիւն: «Մեր ստորագրած դաշնակցային համաձայնագիրը ցոյց կու տայ մեր հետագայ համագործակցութեան ուղիները, հռչակագիրին մէջ կարեւոր կը նկատուի միջազգային մակարդակի վրայ, ուժանիւթի անվտանգութեան, Հարաւային կազային միջանցքի, տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի, մարմնակրթութեան բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը, սակայն ես կ՛ուզեմ առանձնացնել երկուքը` ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ զինուորական օգնութիւնը», ըսած է Ալիեւ:
Ան հռչակագիրը «պատմական մեծ նուաճում» կոչած է: Ան նաեւ խօսած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին` ըսելով, որ «ատիկա կարելի դարձած է ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր կացութեան պատճառով»:


