Փեսքով. «Երախտապարտ Ենք Թուրքիոյ Գործադրած Միջնորդական Ջանքերուն Համար»
«Ռուսիան երախտապարտ է Թուրքիոյ` ուքրանական ճգնաժամին ընթացքին գործադրած միջնորդական ջանքերուն համար», երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Կասկած չկայ, որ մենք շատ բարձր կը գնահատենք այն ջանքերը, զորս կը գործադրէին մեր թուրք գործընկերները, որպէսզի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին համար անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուին», նշեց Փեսքով: Անդրադառնալով Քիեւի հետ բանակցութիւններուն` Քրեմլինի բանբերը անոնց ընթացքը որակեց «ծոյլ եւ...




















