Միջազգային

Ֆինլանտայի Խորհրդարանը Երկրին`  ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմում  Ներկայացնելուն Թեր Քուէարկած Է

Ֆինլանտայի Խորհրդարանը Երկրին` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմում Ներկայացնելուն Թեր Քուէարկած Է

Ֆինլանտայի խորհրդարանը լիագումար նիստի մը ընթացքին երկրին` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմում ներկայացնելուն թեր քուէարկած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռուս.երր.իի» կայքը: Էտուսքունթի (խորհրդարան) 200 երեսփոխաններէն 188-ը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին անդամակցելուն թեր քուէարկած է, 8-ը` դէմ, երեք երեսփոխան բացակայած է: Այժմ Ֆինլանտայի նախագահն ու կառավարութիւնը պէտք է հաստատեն խորհրդարանի որոշումը:  

«Ապտոլլահեան Մօտ Օրէն Պաղտատի Մէջ  Հանդիպում Պիտի Ունենայ Պըն Ֆարհանի Հետ»  Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

«Ապտոլլահեան Մօտ Օրէն Պաղտատի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Պըն Ֆարհանի Հետ» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ժաւատ Քարիմի Քատուսի յայտարարեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ»: Ան իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ նախնական համաձայնութիւններ գոյացան»` շեշտելով. «Մօտիկ ապագային Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն...

Մոսկուա. «Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան  Կը Ջանան Ռուսիոյ Վարչակարգը Փոխել  Եւ Մեր Երկիրը Քանդել, Սակայն…»

Մոսկուա. «Ուքրանիան Փաստացիօրէն Դուրս Եկած Է Բանակցային Հոլովոյթէն»

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները չեն շարունակուիր. Ուքրանիան փաստացիօրէն դուրս եկած է բանակցային հոլովոյթէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ: Անոր համաձայն, Մոսկուան Քիեւէն պատասխան չէ ստացած ռուսական կողմի առաջարկած համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ: Երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնած է, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան կը...

«Ազովսթալ»-էն 256 Ուքրանացի Զինուոր  Յանձնուած Է Ռուսական Կողմին

«Ազովսթալ»-էն 256 Ուքրանացի Զինուոր Յանձնուած Է Ռուսական Կողմին

Մարիուփոլի «Ազովսթալ» գործարանի տարածքէն յանձնուած է աւելի քան 250 ուքրանացի զինուոր, ներառեալ 51 վիրաւոր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ յայտնած են Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքային պաշտպանութեան սպայակոյտէն: «Ընդհանուր առմամբ Մարիուփոլի «Ազովսթալ» մետաղագործական գործարանի տարածքէն 256 ուքրանացի զինեալ յանձնուած է, գերիներու շարքին վիրաւորներուն թիւը 51 է», կը նշուի սպայակոյտի թելեկրամեան ալիքին մէջ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ երկուշաբթի համաձայնութիւն...

Չաւուշօղլու-Սթոլթենպերկ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Չաւուշօղլու-Սթոլթենպերկ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Անգարայի յայտարարելէն ետք, որ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան «այո» պիտի չըսէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ Թուրքիան չի կրնար «այո» ըսել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան, որովհետեւ Անգարան չի...

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետ Մուսթաֆայեւի  Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետ Մուսթաֆայեւի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը այսօր կ՛այցելէ Իրան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ուժանիւթի, բարձր ճարտարագիտութիւններու, արտաքին գործոց նախարարութիւններու, մաքսային ծառայութեան, ճամբաներու պետական գործակալութեան, «Ազրպէյճանի երկաթուղիներ» ընկերութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ: Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան, զինեալ ուժերու սպայակոյտի եւ այլ կառոյցներու պաշտօնատարներու հետ:  

«Ղազախական Ճգնաժամի Ընթացքին  ՀԱՊԿ-ն Շատ Աւելի Միասնական Էր»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Ղազախական Ճգնաժամի Ընթացքին ՀԱՊԿ-ն Շատ Աւելի Միասնական Էր» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամներուն կոչ կ՛ուղղէ` միասնաբար դիմակայելու Արեւմուտքի ճնշումներն ու Ռուսիան տկարացնելու փորձերը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Միասնական ճակատի բացակայութեան պայմաններուն մէջ հաւաքական Արեւմուտքը պիտի ուժեղացնէ ճնշումը յետխորհրդային տարածքին վրայ», Մոսկուայի մէջ հաւաքուած ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն առջեւ յայտարարած է Լուքաշենքօ: «Վերջին իրադարձութիւններու ծիրին մէջ ՀԱՊԿ-ն չի ցուցաբերեր այն միասնականութիւնը, որ...

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման Դէմ Չէ,  Մենք Ահաբեկիչներու Աջակցող  Պետութիւններուն Դէմ Ենք»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման Դէմ Չէ, Մենք Ահաբեկիչներու Աջակցող Պետութիւններուն Դէմ Ենք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիան դէմ չէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդլայնման, սակայն դէմ է ահաբեկիչներուն աջակցող երկիրներուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` Պերլինի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Մենք առեւտուր չենք ըներ, ասիկա քաղաքական առեւտուրի տարր չէ: Մենք յստակ դիրքորոշում ունինք, այն է, որ Ֆինլանտան ու Շուէտը պէտք է ամբողջութեամբ դադրեցնեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ...

«Պատրաստ Ենք ՀԱՊԿ-ի Պատասխանատուութեան  Գօտիին Մէջ Ապահովելու  Սահմաններու Անվտանգութիւնը»  Յայտարարեցին ՀԱՊԿ-ի Ղեկավարները

«Պատրաստ Ենք ՀԱՊԿ-ի Պատասխանատուութեան Գօտիին Մէջ Ապահովելու Սահմաններու Անվտանգութիւնը» Յայտարարեցին ՀԱՊԿ-ի Ղեկավարները

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է ապահովելու իր սահմաններու անվտանգութիւնը, ներառեալ Աֆղանիստանի մէջ եւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն անհանգստութիւն պատճառող իրավիճակի լոյսին տակ: «Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու...

«Ռուսիան Պիտի Չհամակերպի Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի`  Օթանևին Անդամակցելու Գաղափարին Հետ.  Ատիկա Հերթական Սխալը Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Ռուսիան Պիտի Չհամակերպի Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` Օթանևին Անդամակցելու Գաղափարին Հետ. Ատիկա Հերթական Սխալը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ոեւէ մէկը պէտք չէ պատրանքներ ունենայ, որ Ռուսիան պիտի համակերպի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը երկարատեւ հետեւանքներով հերթական սխալը պիտի դառնայ», ըսած է Ռիապքով: Անոր Համաձայն` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու պարագային այդ երկիրներուն մէջ անվտանգութիւնը պիտի չամրապնդուի: «Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու որոշումէն ետք...

Թեհրան Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական  Գործարքին Վերաբերող Առաջարկներու  Թղթածրար Ներկայացուցած Է

Թեհրան Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Գործարքին Վերաբերող Առաջարկներու Թղթածրար Ներկայացուցած Է

Թեհրան հիւլէական գործարքին վերաբերող շարք մը յատուկ առաջարկներ եւ նախաձեռնութիւններ կատարած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: Նախարարութեան բանբերին համաձայն, առաջարկները ներկայացուած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցով Եւրոպական Միութեան աւագ բանագնաց Էնրիքէ Մորայի միջոցով: «Այժմ մենք կը սպասենք սպանացի դիւանագէտի միջոցով Ուաշինկթընին ներկայացուած առաջարկներու պատասխանին: Մենք...

Ալիեւ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին  Արցախեան Նժոյգ Նուիրած Է

Ալիեւ Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Արցախեան Նժոյգ Նուիրած Է

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին Վինտսորեան  պալատին մէջ ընդունած է Ազրպէյճանի Ձիերու մարզաձեւի ֆետերասիոնի նախագահը, որ յանուն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի թագուհիին նուիրած է արցախեան նժոյգ: Այս մասին հաղորդեց «Երկիր»-ը: Արցախի բռնագրաւուած տարածքներէն բերուած ձին պիտի մասնակցի «Ձիերու Վինտսորեան թագաւորական ցուցադրութեան»: Ազրպէյճան արցախեան ձիերը կը նկատէ իր «մշակոյթի կարեւոր մաս» եւ տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին կը ներկայանայ այդ կեղծիքով:  

Պայտընի Վարչակազմը Քոնկրեսէն Խնդրած Է Հաւանութիւն Տալ Թուրքիոյ Ժամանակակից Զէնք Վաճառելուն

Պայտընի Վարչակազմը Քոնկրեսէն Խնդրած Է Հաւանութիւն Տալ Թուրքիոյ Ժամանակակից Զէնք Վաճառելուն

Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն կը խնդրէ հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ ժամանակակից զէնք վաճառելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը: Ի յայտ եկած է, որ բացի «ԷՖ-16»-ներէն, Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է նաեւ աւելի քան 400 միլիոն տոլարի «օդ-օդ» հրթիռներ, «ԷՅՄ-9 Սայտուայնտըր», «ԷՅՄ-120 Ամրաամ», ինչպէս նաեւ ռատարներ եւ այլ սպառազինութիւն: Հոկտեմբերի սկիզբը արեւմտեան լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Թուրքիան մտադիր է գնել...

Քաթարի Իշխանը Թեհրան Այցելելով Ռայիսիի Հետ Քննարկեց Շրջանային Հարցեր

Քաթարի Իշխանը Թեհրան Այցելելով Ռայիսիի Հետ Քննարկեց Շրջանային Հարցեր

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Ռայիսի հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին Իրան այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ «շրջադարձային կէտ» պիտի ըլլայ: Ան շեշտեց, որ պէտք է խզել Կազայի պաշարումը եւ վերջ տալ Իսրայէլի ոճիրներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ Եմէնի ժողովուրդի պաշարումին:...

«Նման Տագնապը Միշտ Ալ Լիակատար Հիւլէական Պատերազմի Վերածուելու Վտանգ Ունի»  Կ՛ըսէ Մետվետեւ

«Նման Տագնապը Միշտ Ալ Լիակատար Հիւլէական Պատերազմի Վերածուելու Վտանգ Ունի» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ իր թելեկրամեան ալիքին վրայ անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին: «Ռուսիոյ հետ ՕԹԱՆ-ի պատերազմին մասին օտարերկրեայ վերլուծաբաններու անվերջ խօսակցութիւնները չեն հանդարտիր: Աւելի՛ն, արեւմտեան «խօսող գլուխներու» շնականութիւնը հետզհետէ աւելի կ՛արտայայտուի: «Անոնք ամբողջ ուժով կը փորձեն օրակարգ մտցնել այն թեզը, թէ Ռուսիան հիւլէական տագնապով կը վախցնէ աշխարհը: Նոյնիսկ Թրամփը վերջերս արտայայտուած է այս մասին: Ճիշդ է,...

Չաւուշօղլուի` Հայ Համայնքին Ցոյց Տուած «Գորշ Գայլեր»-ու Բարեւի Համար Ուրուկուէյի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Երկիրի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ուրուկուէյի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չաւուշօղլուի Ձեռքի Շարժումի Հարցը Փակուած Կը Նկատէ

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիլլօ ընդդիմութեան կողմէ հրաւիրուած է խորհրդարան` Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստի ընթացքին բացատրութիւններ տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` հայերուն ուղղուած «Գորշ գայլեր»-ու ձեռքի շարժումի եւ Ուրուկուէյի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պուսթիլլօ ըսած է, որ հարցը փակուած կը նկատուի` աւելցնելով. «Այդ անսպասելի...

«Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Պատերազմով Եւ Չինաստանի Հետ Իր Դաշնակցութեամբ Համաշխարհային Համակարգին Մեծագոյն Սպառնալիքն Է»  Կ՛ըսէ Վոն Տեր Լեյեն

«Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Պատերազմով Եւ Չինաստանի Հետ Իր Դաշնակցութեամբ Համաշխարհային Համակարգին Մեծագոյն Սպառնալիքն Է» Կ՛ըսէ Վոն Տեր Լեյեն

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տեր Լեյեն Թոքիօ իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ իր բարբարոսական պատերազմով եւ Չինաստանի հետ իր մտահոգիչ դաշնակցութեամբ համաշխարհային համակարգին մեծագոյն ուղղակի սպառնալիքն է»: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցաւ Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտայի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ճափոն-Եւրոպական Միութիւն տարեկան բանակցութիւններուն ծիրին մէջ, որոնք այս տարի տեղի...

Ալիեւ Շուշիի Մէջ Յայտարարած Է, Որ Իրենք Միանգամընդմիշտ Արցախ Վերադարձած Են

Ալիեւ Շուշիի Մէջ Յայտարարած Է, Որ Իրենք Միանգամընդմիշտ Արցախ Վերադարձած Են

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կնոջ հետ այցելած է Արցախի բռնագրաւուած Շուշի քաղաք, ուր անոնք ծանօթացած են քաղաքին մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը: Ալիեւ Շուշիի մէջ յայտարարած է, որ իրենք միանգամընդմիշտ վերադարձած են այս հողեր, «հարազատ հողեր» եւ յաւերժ այստեղ պիտի ապրին:  

«Ռուսական Հրթիռային Հարուածները Չեն Խոչընդոտեր Ուքրանիոյ Զէնքի Փոխադրումը»  Կ՛ըսէ Քըրպի

«Ռուսական Հրթիռային Հարուածները Չեն Խոչընդոտեր Ուքրանիոյ Զէնքի Փոխադրումը» Կ՛ըսէ Քըրպի

Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, թէ ռուսական հրթիռային հարուածները չեն խոչընդոտեր արեւմտեան զէնքի Ուքրանիա փոխադրումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ոչ մէկ ազդեցութիւն եղած է զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարման վրայ: Օտեսայի եւ ուքրանական այլ քաղաքներու ենթակառոյցներուն ռուսական հրթիռներու հարուածները Արեւմուտքին չեն խանգարեր զէնք ուղարկել Ուքրանիա, փոխադրումները ամէն օր կը կատարուին», ըսած է Քըրպին: 4 մայիսին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար...

Իսրայէլեան Ուժերը Պաղեստինցի Լրագրող Մը Սպաննեցին

Իսրայէլեան Ուժերը Պաղեստինցի Լրագրող Մը Սպաննեցին

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ առտու յայտարարեց, որ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէ իսրայէլեան ուժերու Ժենին քաղաք եւ գաղթակայան ներխուժման ընթացքին գլուխէն փամփուշտ մը ստանալով սպաննուած է, իսկ «Քուտս» օրաթերթի լրագրող Ալի Սամուտի կռնակէն փամփուշտ մը ստացած է եւ կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի: «Ժազիրա»-ն յայտնեց, որ Շիրին Ապու Աքլէ իր լրագրողներու յատուկ փաճկոնը կը կրէր, երբ իսրայէլեան...

Page 266 of 882 1 … 265 266 267 … 882

Արխիւներ