Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Երախտապարտ Ենք Թուրքիոյ Գործադրած Միջնորդական Ջանքերուն Համար»

Մայիս 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսիան երախտապարտ է Թուրքիոյ` ուքրանական ճգնաժամին ընթացքին գործադրած միջնորդական ջանքերուն համար», երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Կասկած չկայ, որ մենք շատ բարձր կը գնահատենք այն ջանքերը, զորս կը գործադրէին մեր թուրք գործընկերները, որպէսզի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին համար անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուին», նշեց Փեսքով:

Անդրադառնալով Քիեւի հետ բանակցութիւններուն` Քրեմլինի բանբերը անոնց ընթացքը որակեց «ծոյլ եւ անարդիւնք»:

Ուքրանիոյ Խերսոն մարզի ռազմաքաղաքացիական վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Քիրիլ Սթրեմուսով երէկ յայտարարեց, որ Խերսոնի մարզի ղեկավարութիւնը մտադիր է դիմել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` մարզը Ռուսիոյ կազմին մէջ ներառելու համար:

Ան մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնսի յայտարարութիւնը, թէ Փութին կրնայ Ռուսիոյ մէջ զինուորական դրութիւն հաստատել` Տոնպասի պաշտպանութեան գործողութեան աջակցելու համար, յայտարարեց. «Ո՛չ, ծրագիրներուն մէջ նման բան չկայ»:

Փեսքով, մեկնաբանելով Սթրեմուսովի յայտարարութիւնը, ըսաւ. «Խերսոնի բնակիչները պէտք է իրենք որոշեն մարզը Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկելու համար դիմե՞լ, թէ՞ ոչ. նման հոլովոյթը պէտք է ունենայ յստակ իրաւական հիմնաւորում»:

Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Պոտոլիաք, մեկնաբանելով Խերսոնի իշխանութիւններուն յայտարարութիւնը, «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ միակ դիմումը, որ անոնք կրնան ընել, «դատարանի վճիռէն ետք ներում շնորհելու միջնորդութիւնն է: Բռնագրաւողները թերեւս կրնան խնդրել միանալ Հրատին կամ Լուսնթագին: Ուքրանական բանակը պիտի ազատագրէ Խերսոնը` անկախ անկէ, թէ բռնագրաւողները ի՛նչ բառախաղեր պիտի յօրինեն»:

Լաւրով. «Յոյսով Ենք, Որ Երբ Յատուկ Գործողութենէն Ետք Մոսկուան Իր Նպատակներուն Հասնի, Արեւմուտքը Պիտի Դադրի Միաբեւեռ Աշխարհի Խթանումէն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ պըն Համմուտ Պուսայիտիի հետ բանակցութիւններէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք յոյսով ենք եւ կ՛ակնկալենք, որ մեր զինուորական գործողութեան աւարտը` ատոր ծիրին մէջ դրուած բոլոր նպատակներուն հասնելով, պիտի օգնէ դադրեցնելու միջազգային օրէնքը խարխլելու, անտեսելու եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքները, ներառեալ` պետութիւններու գերիշխան իրաւահաւասարութեան սկզբունքը կոպտօրէն խախտելու Արեւմուտքի փորձերը, եւ Արեւմուտքին պիտի ստիպէ դադրեցնել խթանումը այսպէս կոչուած «միաբեւեռ աշխարհին», ուր կը գերիշխեն Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները», ըսած է Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշած է, որ Մոսկուան բացարձակապէս Եւրոպայի մէջ պատերազմ չուզեր, մինչդեռ Արեւմուտքը կը խօսի Ուքրանիոյ առնչուած կացութեան մէջ Ռուսիոյ յաղթելու անհրաժեշտութեան մասին:

«Եթէ ձեզ կը մտահոգէ Եւրոպայի մէջ պատերազմի հեռանկարը, մենք ատիկա ընդհանրապէս չենք ուզեր, սակայն ես ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այն փաստին վրայ, որ Արեւմուտքն է, որ անընդհատ, յամառօրէն կը յայտարարէ, որ այս իրավիճակին մէջ Ռուսիան պէտք է պարտութեան մատնել: Դուք եզրակացութիւնները կատարեցէք», ըսաւ Լաւրով:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Շուրջ 40 Միլիառ Տոլարի Յատկացման

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Պաղեստինցի Լրագրող Մը Սպաննեցին

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?