Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Խամենէիի Հետ

May 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սքայ Նիուզ», յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ այցելած է Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է երէկ առտու:

Խամենէի Ասատի հետ իր հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Սուրիոյ նկատմամբ յարգանքն ու անոր դիրքը այժմ նախկինէն շատ բարձր են, որովհետեւ անիկա ներկայիս աւելի ուժեղ դիրքի վրայ է»:

«Մեզի եւ ձեզի մերձակայ կարգ մը երկիրներու ղեկավարները հանդիպում կ՛ունենան սիոնական գոյացութեան ղեկավարութեան հետ եւ միասնաբար սուրճ կը խմեն», աւելցուց ան:

«Պէտք է Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները նախկինէն աւելի ամրապնդել», ընդգծեց Խամենէի` նշելով. «Ինքնին (Իսրայէլի հետ) յարաբերութիւնները բնականոնացնող վարչակարգերու ժողովուրդները Երուսաղէմի օրը զանգուածներով կը լեցնեն փողոցները, եւ ատիկա շրջանի իրողութիւնը կ՛արտացոլէ»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը վստահեցուց, որ Իրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ, որպէսզի վերջինս ամբողջացնէ ահաբեկչութեան վրայ իր յաղթանակն ու ազատագրէ իր մնացեալ տարածքները:

Սուրիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն մէջ Իրանի գործելաոճը ո՛չ միայն Իրանի եւ Սուրիոյ շահերուն կը ծառայէ, այլեւ` շրջանի:

«Կարելի է վերակառուցել պատերազմին քանդածը, սակայն եթէ հիմերն ու սկզբունքները քանդուին, ապա զանոնք կարելի չէ վերակառուցել», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը կարեւոր նկատեց Իրանի եւ իր երկրին միջեւ գործակցութիւնը` «արգելք հանդիսանալու համար, որ Ամերիկան վերականգնէ ահաբեկչական համակարգը, զոր շրջանին վնաս պատճառելու համար կ՛օգտագործէ»:

Ան ըսաւ, որ այսօր Պաղեստինեան դատը վերստին իր ներկայութիւնն ու կարեւորութիւնը կը հաստատէ:

 

Նախորդը

«Ներկայիս Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Հեռանկարներ Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

«Փութին Մտադիր Է Յաղթանակ Արձանագրել Եւ Պարտութեան Մատնել Ուքրանական Ուժերը» Կ՛ըսէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.