Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Փութին Զգայ, Որ Կը Պարտուի, Հիւլէական Զէնք Պիտի Կիրարկէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնը

Մայիս 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պարտութեան հեռանկարը նկատել իբրեւ իր վարչակարգի համար գոյութենական սպառնալիք, ինչ որ կրնայ դրդել հիւլէական զէնքի կիրարկման: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ այս մասին զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնսը` Ծերակոյտի զինեալ ծառայութիւններու յանձնախումբի նիստի ընթացքին:

Ան զգուշացուցած է, որ Ուքրանիոյ համար կանխատեսումը երկար, հիւծիչ պատերազմ է, որ կրնայ յանգեցնել Փութինի կողմէ հետզհետէ աւելի անկայուն գործողութիւններու, ներառեալ ամբողջական զօրակոչի, ռազմական դրութեան հաստատումի, եւ եթէ Ռուսիոյ ղեկավարը զգայ, որ պատերազմը իր դէմ կ՛ընթանայ` վտանգելով Մոսկուայի մէջ իր դիրքը, նոյնիսկ կրնայ դիմել հիւլէական մարտագլխիկի օգտագործման:

Ազգային հետախուզութեան տնօրէն հէյնս յանձնախումբին ըսած է, որ Փութին պիտի շարունակէ «թափահարել» Ռուսիոյ հիւլէական զինանոցը` փորձելով Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները ետ պահել Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութենէն:

«Ռուսիոյ ղեկավարը հիւլէական զէնք պիտի չօգտագործէ, քանի դեռ չի տեսներ Ռուսիոյ կամ անոր վարչակարգին համար գոյութենական սպառնալիք», պնդած է Հէյնս: Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուցած է, որ Փութին կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պարտութեան հեռանկարը նկատել իբրեւ նման սպառնալիք:

«Մենք իսկապէս կը կարծենք, որ Փութինի գոյութենական սպառնալիքի ընկալումը կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ ան ընկալէ, որ Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ կը պարտուի, կամ որ ՕԹԱՆ-ը, ըստ էութեան, կա՛մ կը միջամտէ, կա՛մ կը պատրաստուի միջամտել այդ ծիրին մէջ…», ըսած է Հէյնս յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին:

Հետախուզութեան ղեկավարները նաեւ նշած են, որ Փութինը մտադիր է գրաւել Լուկանսքի եւ Տոնեցքի շրջանները, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջ անվտանգութեան գօտին` ապահովելու ցամաքային կամուրջ դէպի Խրիմ: Ան կ՛ուզէ պահել Խրիմէն հիւսիս գտնուող Խերսոնը, որպէսզի ապահովէ թերակղզիին ջրամատակարարումը:

Սակայն, ըստ պաշտօնատարներու, անոր յաւակնութիւնները ատով չեն սահմանափակուիր: Ըստ Հէյնսի, կան «ցուցանիշներ», որ Փութին կ՛ուզէ ցամաքային կամուրջը մինչեւ Մերձտնեսթր երկարել` ատով իսկ վերահսկելով Ուքրանիոյ ամբողջ Սեւ ծովու ափը:

Հէյնս, սակայն, ըսած է, որ Փութինին կը սպասէ դժուար խնդիր, եւ որ ցամաքային կամուրջի մինչեւ Մերձտնեսթր երկարումը, ներառեալ Օտեսան գրաւելը, կարելի պիտի չըլլայ առանց լիարժէք զօրակոչի: Ան աւելցուցած է, որ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին Տոնպասի գրաւումը եւ անվտանգութեան գօտին քիչ հաւանական են:

Պաշտպանական հետախուզութեան գործակալութեան ղեկավար զօր. Սքաթ Պերիըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, որ միչեւ հիմա տագնապի ընթացքին ութէն մինչեւ տասը ռուս զօրավարներ սպաննուած են:

 

Նախորդը

Տարբեր Ուղղութիւններով Ինքնաշարժներու Երթ Եւ Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Շուրջ 40 Միլիառ Տոլարի Յատկացման

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?