Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգայնական Շին Ֆէյն Կուսակցութիւնը Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ Ընտրական Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

May 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱ զինեալ խմբաւորման քաղաքական թեւը նկատուած Շին Ֆէյն կուսակցութիւնը ուրբաթ օր Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրելով դարձաւ շրջանի մեծագոյն խորհրդարանական կուսակցութիւնը եւ այժմ կրնայ առաջին անգամ ըլլալով վարչապետի թեկնածու առաջադրել:

Կուսակցութիւնը դէմ է, որ Հիւսիսային Իրլանտան մաս կազմէ Բրիտանիոյ, եւ կը զօրակցի շրջանի` Իրլանտայի Հանրապետութեան հետ միաւորման:

Երէկ քուէներու հաշուարկման աւարտով` կաթողիկէ իրլանտացիներու Շին Ֆէյն կուսակցութիւնը Հիւսիսային Իրլանտայի 90 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ապահովեց 27 աթոռներ, իսկ բողոքական իրլանտացիներու Ժողովրդավարական միութենական կուսակցութիւնը` 25 աթոռներ, իսկ Դաշինք կուսակցութիւնը` 17 աթոռներ:

Շին Ֆէյնի նախագահ Մարի Լու Մքտանըլտ ուրբաթ օր «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրլանտայի մէջ սահմանադրական փոփոխութեան պատրաստութիւնը պէտք է հիմա սկսի: Պէտք է լաւապէս գիտակցինք այն իրողութեան, որ փոփոխութիւնը ընթացքի մէջ է: Ամբողջովին վճռական եմ, որ այդ փոփոխութիւնը ամբողջովին խաղաղ ըլլայ»:

1998-ին բրիտանական եւ իրլանտական կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութիւնը, որ վերջ տուաւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ տասնամեակներու վրայ երկարած մահաբեր կաթողիկէ-բողոքական տագնապին, կը հաստատէ, որ Իրլանտայի միաւորման հանրաքուէ մը կարելի է, եթէ ի յայտ գայ, թէ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը ատոր կը զօրակցի:

Շին Ֆէյնը նախապէս մօտէն առնչուած էր ԻՐԱ-ին, որ երեսուն տարի զինեալ պայքար մղեց բրիտանական տիրակալութեան վերջ տալու եւ Իրլանտայի կղզին միաւորելու համար: Կուսակցութիւնը այժմ աւելի ձախակողմեան թեքում որդեգրած է եւ կը կեդրոնանայ ընկերային հարցերու վրայ:

 

Նախորդը

Պաքու Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Մէջ Ամերիկեան Տարրալուծարաններու Գոյութեան Մասին Փաթրուշեւի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Ներկայիս Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Հեռանկարներ Չենք Տեսներ» Կ՛ըսէ Մոսկուայի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.