Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ կը փորձէ հասկնալ ինչպէ՛ս վարուիլ կացութեան մը մէջ, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ ելք չունի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին իր մտահոգութիւնը յայտնած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Փութին շատ հաշուարկող մարդ է, եւ հիմա զիս անհանգստացնող խնդիրը այն է, որ Ռուսիոյ ղեկավարը այժմ ելք չունի, եւ ես կը փորձեմ հասկնալ, թէ մենք այդ առնչութեամբ ի՛նչ կ՛ընենք», ըսած է ան:
«Փութին կը կարծէր, որ կրնար մասնատել ՕԹԱՆ-ը, կը կարծէր, որ կրնար մասնատել Եւրոպական Միութիւնը: Փոխարէնը, Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ կանգնեցան Ուքրանիոյ կողքին», յայտնած է Պայտըն: