Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փութին Մտադիր Է Յաղթանակ Արձանագրել Եւ Պարտութեան Մատնել Ուքրանական Ուժերը» Կ՛ըսէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը

May 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ շաբաթ օր յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի կարծեր, որ ինքնիրեն կրնայ արտօնել Ուքրանիոյ մէջ պարտուիլ, եւ վճռական է ջանքերը բազմապատկելու, սակայն հիւլէական մարտավարական զէնքերու օգտագործման անոր պատրաստակամութեան մասին շօշափելի փաստ գոյութիւն չունի»:

Պըրնզ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին ըսաւ. «Հակառակ ռուսական ուժերուն Քիեւին տիրելու ձախողութեան եւ երկրի հարաւ- արեւելքի Տոնպաս շրջանին մէջ ճակատի ամբողջ երկայնքին յառաջխաղացք արձանագրելու համար դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Փութին ուքրանական ուժերը պարտութեան մատնելու կարելիութեան վերաբերեալ իր տեսակէտը չփոխեց»:

«Ուքրանական դիմադրութիւնը տկարացնելու ռուսական բանակի կարողութեան նկատմամբ Փութինի հաւատքը ամենայն հաւանականութեամբ չփոխուեցաւ», աւելցուց «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Չինաստանը մօտէն կը հետեւի Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժման, «եւ այս տագնապէն դասեր պիտի քաղէ Թայուանին տիրելու նպատակադրող իր ծրագիրները պատշաճեցնելու համար»:

«Պէյճինկ ռուսական բանակի ձախողութենէն, ուքրանական հասարակութեան դիմադրութենէն, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքին Քիեւին տրամադրած պաշտպանական ուժեղ աջակցութենէն անակնկալի մատնուեցաւ», նշեց Պըրնզ:

«Չինաստան ցնցուեցաւ մասնաւորաբար այն իրողութենէն, թէ ՕԹԱՆ-ը ինչպէ՛ս միացաւ` Ռուսիոյ յարձակումին համար վերջինիս տնտեսական գին վճարել տալու համար», ըսաւ ան:

«Չինաստանը դժգոհեցաւ, որ Փութին եւրոպացիներն ու ամերիկացիները իրարու մերձեցուց», նշեց «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը` աւելցնելով. «Չին ղեկավարները կը քննարկեն Թայուանին տիրելու համար ուժի հաւանական կիրարկման գինն ու հետեւանքները»:

Միւս կողմէ, ռուսական անջրպետագնացութեան գործակալութեան` «Ռոս Քոզմոս»-ի տնօրէն Տմիթրի Ռոկոզին յայտարարեց, որ հիւլէական պատերազմի ծագելուն պարագային իր երկիրը 30 վայրկեանի կը կարօտի ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնները քանդելու համար:

«Ուքրանիոյ մէջ նացիներու դէմ չենք կռուիր, այլ զայն ՕԹԱՆ-ի բռնագրաւումէն կ՛ազատագրենք եւ մեր ամէնէն վատ թշնամին կը հեռացնենք մեր արեւմտեան սահմաններէն: Կը զգուշացնենք, որ Ռուսիայէն անկախ Ուքրանիոյ մը գոյութիւնը զայն անխուսափելիօրէն Ռուսիոյ թշնամի պետութեան մը եւ մեր ժողովուրդին վրայ արեւմտեան յարձակումի մը շղթայազերծման վայրի պիտի վերածէ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ասատ Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Խամենէիի Հետ

Յաջորդը

Ալճերիոյ Նախագահը. «Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Ջարդերը Փորագրուած Պիտի Մնան Ազգային Յիշողութեան Մէջ»

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.