Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ անմիջական սպառնալիք կը ստեղծուէր, յարձակում կը նախապատրաստուէր, ներառեալ ռուսական Խրիմի վրայ: Այս մասին երկուշաբթի Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ Յաղթանակի շքերթի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Բացայայտօրէն կը նախապատրաստուէին մէկ այլ պատժիչ գործողութեան Տոնպասի մէջ` ներխուժելու մեր պատմական հողերը, ներառեալ Խրիմ: Քիեւի մէջ յայտարարուեցաւ հիւլէական զէնքի հաւանական ձեռքբերման մասին, եւ ՕԹԱՆ-ի դաշինքը սկսաւ աշխուժ զինուորական զարգացումը յարակից տարածքներու վրայ: Այսպիսով, մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի վտանգ ստեղծուեցաւ, ներառեալ անմիջականօրէն մեր սահմաններուն վրայ», ըսաւ Ռուսիոյ ղեկավարը:
Փութին ըսաւ, որ Ռուսիան կանխարգելիչ հակահարուած տուած է յարձակումին:
«Մենք տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանայ զինուորական ենթակառոյցը, ինչպէ՛ս սկսած են աշխատիլ հարիւրաւոր օտարերկրեայ խորհրդականներ, ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն ամէնէն ժամանակակից սպառազինութիւններու կանոնաւոր մատակարարումներ եղած են: Ամէն օր վտանգը կը մեծնար: Ռուսիան կանխարգելիչ հակահարուած տուաւ յարձակումին: Ատիկա հարկադրուած, ժամանակին եւ միակ ճիշդ որոշումն էր` գերիշխան, ուժեղ, անկախ երկրի որոշում», ըսաւ Փութին:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիան Արեւմուտքին ազնիւ երկխօսութեան կոչ ուղղած է, սակայն ամէն ինչ ապարդիւն էր: «Ռուսիան միշտ հանդէս եկած է հաւասար եւ անբաժանելի անվտանգութեան համակարգի ստեղծման օգտին, համակարգ մը, որ կենսական նշանակութիւն ունի ամբողջ համաշխարհային հանրութեան համար», ընդգծեց Փութին:
«Անցեալ տարուան դեկտեմբերին մենք առաջարկեցինք անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ համաձայնագիր կնքել, Ռուսիան Արեւմուտքին կոչ ուղղեց ազնիւ երկխօսութեան խելամիտ փոխզիջումնային լուծումներ գտնելու, իրարու շահերը հաշուի առնելու: Ապարդիւն: ՕԹԱՆ-ի երկիրները չուզեցին մեզ լսել», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին ընդգծեց, որ արեւմտեան երկիրներու այս դիրքորոշումը կը նշանակէ, որ «իրականութեան մէջ անոնք բոլորովին այլ ծրագիրներ ունէին: Եւ մենք ատիկա տեսանք»:
Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ Տոնպասի աշխարհազօրայիններն ու ռուսական բանակի զինուորները կը կռուին սեփական հողի վրայ, ուր անոնց նախնիները թշնամիին յաղթած են:
«Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցող շքերթին կը մասնակցին նաեւ զինուորներ, որոնք հասած են անմիջապէս Տոնպասի պատերազմական գօտիէն», ըսած է նախագահը:
Սթոլթենպերկ. «9 Մայիսին Անգամ Մը Եւս
Փութինին Կոչ Կ՛ուղղեմ
Պատերազմը Անյապաղ Դադրեցնելու»
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ վերահաստատած է Քիեւին հետագայ օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղած է դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները, զօրքերը դուրս բերելու եւ խաղաղ բանակցութիւններու սկսելու: Ան այս մասին երէկ յայտարարած է գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին:
«9 մայիսին անգամ մը եւս Փութինին կոչ կ՛ուղղեմ` անյապաղ դադրեցնելու պատերազմը, զօրքերը Ուքրանիայէն դուրս բերելու եւ խաղաղ բանակցութիւններու սկսելու: Մենք հաստատապէս Ուքրանիոյ կողքին ենք եւ պիտի շարունակենք երկրին օգնել պաշտպանելու իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը», ըսած է Սթոլթենպերկ:
Ան միեւնոյն ժամանակ ըսած է. «Նախապէս Մոսկուան 9 մայիսը պարբերաբար օգտագործած է Արեւմուտքի մասին սուտեր տարածելու եւ ՕԹԱՆ-ը քննադատելու համար»: