Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Շուրջ 40 Միլիառ Տոլարի Յատկացման

May 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը հաւանութիւն տուած է Ուքրանիոյ շուրջ 40 միլիառ տոլարի լրացուցիչ օգնութիւն յատկացնելու մասին օրինագիծին: Նախաձեռնութեան թեր քուէարկած է 368 քոնկրեսական, դէմ` 57-ը:

Այժմ օրինագիծը պիտի քննարկուի Ծերակոյտին մէջ: Ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր նախապէս խոստացած էր կարելի եղածին չափ շուտ կազմակերպել նախաձեռնութեան քուէարկութիւնը: Քոնկրեսի վերին պալատին կողմէ հաստատուելու պարագային, օրինագիծը ստորագրուելու համար պիտի ուղարկուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին:

Փաստաթուղթը կը նախատեսէ միջոցներ յատկացնել Քիեւին զինուորական, տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութեան համար: Մասնաւորաբար, 6 միլիառ տոլար պէտք է ուղղուի զէնքի եւ անվտանգութեան ապահովման համար, 8,7 միլիառ տոլար` տնտեսական օգնութիւն տրամադրելու եւ Ուքրանիոյ մէջ հանրային ծառայութիւններու աշխատանքը ֆինանսաւորելու համար, 5 միլիառ տոլար` պարենային օգնութիւն Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ երկիրներուն, 900 միլիոն տոլար նախատեսուած է ուքրանացի գաղթականներուն աջակցութեան համար: Բացի ատկէ, 3,9 միլիառ տոլար պիտի յատկացուի Եւրոպայի մէջ ամերիկեան զօրքերու հզօրացման:

«Լրացուցիչ գումարները, որոնք ներառուած են այս օրինագիծին մէջ, մեզի պիտի արտօնեն աւելի շատ զէնք, օրինակ` հրետանի եւ զրահապատ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ զինամթերք ուղարկել Ուքրանիա: Անոնք նաեւ մեզի պիտի օգնեն համալրելու մեր զինանոցը եւ աջակցելու ՕԹԱՆ-ի երկիրներու տարածքին մէջ Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու նախագահի մամլոյ քարտուղար Ճեն Փսաքիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Եթէ Փութին Զգայ, Որ Կը Պարտուի, Հիւլէական Զէնք Պիտի Կիրարկէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնը

Յաջորդը

Փեսքով. «Երախտապարտ Ենք Թուրքիոյ Գործադրած Միջնորդական Ջանքերուն Համար»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.