Պայտըն 17 Սեպտեմբերին Պիտի Մեկնի Բրիտանիա` Մասնակցելու Էլիզապեթ Բ. Թագուհիի Յուղարկաւորութեան
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կնոջ` Ճիլ Պայտընի հետ 17 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Բրիտանիա` ներկայ գտնուելու համար Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով Սպիտակ տան յայտարարութեան: «Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահն ու առաջին տիկինը պիտի մեկնին Բրիտանիա` մասնակցելու նորին մեծութիւն Էլիզապեթ Բ. թագուհիի պետական յուղարկաւորութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Պաքինկհըմ պալատը...




















