Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Թուրքիոյ կողմէ հնչող մեղադրանքները, թէ Յունաստանը բռնագրաւած է Եգէական ծովու կղզիները, յայտարարած է, որ իր կղզիներուն վրայ Յունաստանի գերիշխանութիւնը վիճելի չէ: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, յատկապէս Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ հակաարդիւնաւէտ են այն յայտարարութիւնները, որոնք կրնան մեծցնել ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն միջեւ լարուածութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խրախուսել շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ վէճերը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն հետ միասին աշխատիլը: Բոլոր երկիրներու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին եւ պաշտպանուին: Այս կղզիներուն վրայ Յունաստանի գերիշխանութիւնը չի վիճարկուիր: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան առաւել եւս մեծցնել լարուածութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:


