Լաթվիոյ Սէյմը հրատապ օրէնք որդեգրած է Լաթվիական ուղղափառ եկեղեցւոյ` Մոսկուայի պատրիարքարանի Ռուս ուղղափառ եկեղեցիէն անկախութեան մասին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ օրէնքը ներկայացուցած է երկրի նախագահ Էկիլս Լեւիթս:
«Լաթվիոյ անկախ, ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան մէջ մեր ուղղափառներուն անհրաժեշտ է իրենց ինքնուրոյն եւ անկախ եկեղեցին ունենալ», ըսած է Լաթվիոյ նախագահը:
Լաթվիոյ իշխանութիւնները նախապէս դատապարտած էին Մոսկուայի պատրիարքարանը` Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն աջակցելուն համար: Լեւիթս վերջերս յայտարարած էր, որ Ռիկան կ՛ուզէ բացառել Լաթվիոյ եկեղեցւոյ վրայ Մոսկուայի պատրիարքարանի որեւէ ազդեցութիւն:
Ընդունուած փոփոխութիւնները կը հաստատեն Լաթվիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ լիակատար ինքնուրոյն եւ անկախ կարգավիճակը` իր բոլոր թեմերով եւ հաստատութիւններով: Օրէնսդրական փոփոխութիւնները չեն վերաբերիր կանոնական խնդիրներուն:
Լաթվիոյ ուղղափառ եկեղեցին մինչեւ 31 հոկտեմբեր պէտք է իր կանոնադրութիւնը համապատասխանեցնէ օրէնքի նոր պահանջներուն:
Լաթվիական ուղղափառ եկեղեցին Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ կազմին մէջ ինքնակառավարման կարգավիճակ ստացած է 1992 թուականին:


