Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախազգուշացուցած է Յունաստանը «ուրիշներու հաշուոյն արկածախնդրութեան» հետեւանքներու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Աթէնքը ինքզինք անհանգիստ կը պահէ: Անոնք, որոնք կ՛առաջնորդուին արտաքին ուժերու կողմէ, դատապարտուած են քաղելու իրենց գործողութիւններուն հետեւանքները: Իմ խօսքերս բաց նախազգուշացում են Յունաստանին», Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Չաւուշօղլու:
Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Յունական առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ իրեն պատկանող երկու նաւեր կրակ բացած են Եգէական ծովուն մէջ` թրքական Պոզքաատա կղզիէն 18 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող միջազգային ջուրերուն վրայ գտնուող «Անատոլու» նաւուն վրայ, որուն անձնակազմը կը բաղկանար Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Սոմալիի եւ Եգիպտոսի քաղաքացիներէն: Դէպքի վայր մեկնած են թրքական առափնեայ պահպանութեան երկու նաւեր, որոնք նշեալ նաւը վերադարձուցած են տարածքային ջուրեր:
Թուրքիան Յունաստանէն պահանջած է միջադէպին մասին անյապաղ հետաքննութիւն եւ անոր վերաբերեալ բացատրութիւն:
Ըստ յունական լրատուամիջոցներու, միջադէպը հաստատած է Յունաստանի առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը, որուն տուեալներով` Քոմորոս կղզիներու դրօշով նաւարկող նաւը շարժած է Յունաստանի տարածքային ջուրերուն ուղղութեամբ` Լեսպոս կղզիին մօտ, չէ ենթարկուած ստուգման համար կանգ առնելու յունական կողմի խնդրանքներուն եւ շարունակած է շարժիլ դէպի թրքական կղզի:
Ըստ լրատուամիջոցներուն, այս պատճառով Յունաստանի առափնեայ պահպանութիւնը հետապնդած է նաւը, որուն ժամանակ նախազգուշական քանի մը կրակոց արձակուած է, սակայն նաւը կանգ չէ առած եւ մտած է Թուրքիոյ տարածքային ջուրեր:
Ըստ առափնեայ պահպանութեան ծառայութեան, թրքական կողմը նախազգուշացուած է միջադէպին մասին: