Ուքրանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Զալոժնի յայտարարեց, որ բանակը արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ արագ հակայարձակումի ընթացքին ետ վերցուցած է աւելի քան 3000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: «Խարքովի հարաւը կը յառաջանանք եւ Ռուսիոյ հետ սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ենք», յայտարարեց զօր. Զալոժնի:
Նշուած յառաջխաղացքը եթէ հաստատուի, պիտի նշանակէ, թէ Քիեւի ուժերը 48 ժամուան ընթացքին եռապատկած են իրենց յայտարարուած նուաճումները: Հինգշաբթի երեկոյեան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտնած էր 1000 քառակուսի քիլոմեթր ետ նուաճելու մասին, իսկ շաբաթ երեկոյեան` 2000 քառակուսի քիլոմեթր:
Զելենսքի յայտարարած էր, որ ուքրանական բանակը Ուքրանիոյ հիւսիս-արեւելքը 30 գիւղերու վերատիրացած է:
Շաբաթ օր արեւելեան հակայարձակումի հետեւանքով ուքրանական զօրքերը մուտք գործած են Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող կենսական նշանակութիւն ունեցող Իզիում եւ Քուփիանսք քաղաքներ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է ռուսական ուժերու Իզիումէն եւ Քուփիանսքէն նահանջը, ինչ որ, ըստ նախարարութեան, իր ուժերուն պիտի արտօնէ «վերախմբաւորուիլ» Մոսկուայի կողմէ հովանաւորուող արեւելեան Ուքրանիոյ ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է զօրքերու հեռացումը երրորդ առանցքային քաղաքէն` Պալաքլիայէն` Տոնեցքի ճակատին վրայ «ջանքերը ուժեղացնելու համար»: Ուքրանական ուժերը քաղաք մուտք գործած են ուրբաթ օր:
Զելենսքի երէկ դիմատետրի ճամբով դարձեալ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ ուժերը Խարքովի մարզին մէջ եւս բնակավայր մը ազատագրած են. Ուքրանիոյ դրօշը վերադարձաւ Չքալովսքոյէ գիւղ: Եւ այդպէս աւելի ամուր պիտի ըլլայ», տեսանիւթի կողքին գրեց Զելենսքի:


