Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Մտադիր Է Այս Տարի 30 Առ Հարիւրով Աւելցնել Կազի Դէպի Եւրոպա Արտածումը

September 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն մտադիր է այս տարի 30 առ հարիւրով աւելցնել կազի դէպի Եւրոպա արտածումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազովը` նշելով, որ ընթացիկ տարուան ութ ամիսներուն Պաքուն «Եւրոպային մատակարարած է 7,3 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ»:

«2022 թուականին դէպի Եւրոպա (կազի) մատակարարումներուն ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ 12 միլիառ խորանարդ մեթր, ինչ որ 31 առ հարիւրով աւելի է 2021 թուականի համեմատ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

Եւրոպայի մէջ ռուսական ուժանիւթէն կախեալութիւնը նուազեցնելու նպատակով Պրիւքսել եւ Պաքու այս տարուան յուլիսին ազրպէյճանական բնական կազի ներածումը մինչեւ 2027 թուականը կրկնապատկելու շուրջ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են:

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ նաեւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի տարածքէն անցնող «Հարաւային կազային միջանցք»-ի ընդլայնում: Այդ ուղին կառուցուած է Եւրոպական Միութեան կազամատակարարումը բազմազանեցնելու եւ մատակարարման մէկ աղբիւր ունեցող եւրոպական երկիրներու թիւը նուազագոյնի հասցնելու նպատակով: Մասնագէտներու գնահատումով, թէեւ ազրպէյճանական կազը կրնայ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն օգնել հրաժարելու ռուսական կազէն, սակայն ծաւալները բաւարար չեն զայն ամբողջութեամբ փոխարինելու համար:

 

Նախորդը

Սուտանի Մէջ. Տանտար Գետի Ջուրերը Ողողած Են Աւելի Քան 200 Գիւղ Եւ Քանդած 1880 Տուն

Յաջորդը

Ղարիպաշվիլին Ու Ռիքըրը Քննարկած Են Շրջանային Եւ Միջազգային Անվտանգութեան Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.