Սուտանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Տանտար գետի յորդումը հասած է բարձր վտանգի փուլի, երբ անոր ջուրերը բարձրանալով Տանտար շրջանին մէջ ողողած են աւելի քան 200 գիւղ եւ վնասած հողագործութեան լայն տարածքներ:
Սանարի նահանգապետ Իպրահիմ Նուր յայտնեց, որ Տանտար գետի արեւելքը գտնուող տասնեակներով գիւղեր ազդուած են ողողումէն, որուն ջուրերը աւելի քան 200 գիւղեր իրարու կապող ճամբան պաշարած են` աւելցնելով, որ ջուրի մակարդակի բարձրացումը շրջանը կը դնէ վտանգաւոր կացութեան մէջ:
Նահանգապետը նշեց, որ, նախնական տուեալներու համաձայն, մինչեւ հիմա 1880 տուներ մասնակի կամ ամբողջական կերպով քանդուած են, իսկ կորեկի ու շուշմայի մեծաթիւ դաշտեր` վնասուած:
Ան Տանտար գետի ափերուն մօտ բնակող քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալու, որովհետեւ գետին ջուրը կը շարունակէ յորդիլ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկուշաբթի առաւօտ Տանտար գետի ջուրին բարձրութիւնը 14,60 մեթր էր, ինչ որ կիրակի օրուան բարձրութենէն 8 սանթիմեթր աւելի է:
480 քիլոմեթր երկարութեամբ Տանտարը Կապոյտ Նեղոսի հարկատու գետերէն մէկն է եւ կ՛անցնի Եթովպիայէն ու Սուտանէն: Ան ամէն տարի կը յորդի եւ Սուտանի հարաւային Սանար նահանգին մէջ մեծ վնասներ կը պատճառէ:


