Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կնոջ` Ճիլ Պայտընի հետ 17 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Բրիտանիա` ներկայ գտնուելու համար Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով Սպիտակ տան յայտարարութեան:
«Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահն ու առաջին տիկինը պիտի մեկնին Բրիտանիա` մասնակցելու նորին մեծութիւն Էլիզապեթ Բ. թագուհիի պետական յուղարկաւորութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքինկհըմ պալատը նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած էր, որ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ:
«Փոլիթիքօ» կը գրէ, որ Լոնտոնի մէջ սկսած են տենդագին նախապատրաստուիլ դարու մեծագոյն դիւանագիտական իրադարձութիւններէն մէկուն: Հարիւրաւոր պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ներկայ եւ նախկին ղեկավարներ պիտի միանան տասնեակ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնք յաջորդ շաբաթ պիտի հասնին Բրիտանիա` Էլիզապեթ Բ. թագուհիի պետական յուղարկաւորութեան:
Ուեսթմինսթըր Ապի պատմական եկեղեցին, որ 2000 մարդ կրնայ ընդունիլ, 1947 թուականին թագուհիի եւ արքայազն Ֆիլիփի պսակի, ինչպէս նաեւ 1066-էն ի վեր բոլոր բրիտանական թագադրութիւններու վայրը եղած է, բացառութեամբ երկուքի:
Յուղարկաւորութեան նախապատրաստուիլը հսկայական նիւթաթեքնիքական, դիւանագիտական մարտահրաւէր է, եւ կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հասնին Լոնտոն: