Միջազգային

Անգարան Դամասկոսի Հետ Մերձեցման  Թղթածրարը Հեռու Կը Պահէ  «Տեղեկատուական Քաշքշուք»-ներէն

Անգարան Դամասկոսի Հետ Մերձեցման Թղթածրարը Հեռու Կը Պահէ «Տեղեկատուական Քաշքշուք»-ներէն

Թրքական կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Թուրքիոյ վարչապետարանը Անգարայի` Դամասկոսի հետ մերձեցման թղթածրարը տեղեկատուական քաշքշուքներէն հեռացնելու նպատակով իր պաշտօնատարներուն հրամայած է զգուշանալ Սուրիոյ հետ հաշտութեան ընթացքին ու զարգացումներուն վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարելէ, եւ ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային իրեն դիմելու»: Աղբիւրները նշած են, որ ցուցմունքին պատճառը այս նիւթին հասարակական կարծիքին վրայ ազդելու կարողութիւնն է, «եթէ ատոր մէջ չարձանագրուի իսկական յառաջխաղացք...

Տեղի Ունեցաւ «Բազմաբեւեռ Աշխարհի  Ճամբուն Վրայ» Նիւթով Արեւելեան Տնտեսական  7-րդ Խորհրդաժողովի Լիագումար Նիստը

Տեղի Ունեցաւ «Բազմաբեւեռ Աշխարհի Ճամբուն Վրայ» Նիւթով Արեւելեան Տնտեսական 7-րդ Խորհրդաժողովի Լիագումար Նիստը

Ռուսիոյ Վլատիվոսթոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Բազմաբեւեռ աշխարհի ճամբուն վրայ» նիւթով Արեւելեան տնտեսական 7-րդ խորհրդաժողովի լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցան Չինաստանի խորհրդարանի նախագահ Լի Ժանշուն, Միանմարի ղեկավար Մին Օնկ Հլայնկը եւ Վիեթնամի վարչապետ Ֆամ Մին Չինը. տեսակապով մասնակցեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր արտասանած խօսքին մէջ, մեկնաբանելով Լիզ Թրասի Բրիտանիոյ նոր վարչապետի պաշտօնին ընտրութիւնը, յայտնեց. «Բրիտանիոյ մէջ...

Փութին Չի Բացառեր Ուքրանական Հացահատիկի  Եւրոպական Միութիւն Արտածումը  Սահմանափակելու Կարելիութիւնը

Փութին Չի Բացառեր Ուքրանական Հացահատիկի Եւրոպական Միութիւն Արտածումը Սահմանափակելու Կարելիութիւնը

Մոսկուայի, Քիեւի եւ Անգարայի միջեւ կնքուած համաձայնագիրով Ուքրանիոյ տարածքէն արտածուող ամբողջ հացահատիկը ի վերջոյ ուղարկուած է Եւրոպա եւ ոչ թէ զարգացող երկիրներ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: «Մենք Թուրքիոյ հետ կատարեցինք ամէն բան, որպէսզի ուքրանական հացահատիկը արտածուի: Եթէ Թուրքիան` իբրեւ միջնորդ երկիր բացառենք, ապա գործնականին...

Փենթակոն Ռուսիան Կ՛աամբաստանէ Հիւսիսային  Քորէայէն Զէնք Գնելու Յանցանքով

Փենթակոն Ռուսիան Կ՛աամբաստանէ Հիւսիսային Քորէայէն Զէնք Գնելու Յանցանքով

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան ամբաստանեցին Ուքրանիոյ մէջ օգտագործման համար Հիւսիսային Քորէայէն մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք գնելու յանցանքով, ինչ որ ՄԱԿ-ի կողմէ Փիոնկիանկի դէմ հաստատուած արգելքի հաւանական ոտնահարում է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր զօր. Փաթ Ռայտըր լրագրողներուն յայտնեց. «Ունինք տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն` Ռուսիան Հիւսիսային Քորէայի հետ կապ հաստատած է անկէ զինամթերք խնդրելու համար»: «Ասիկա ցոյց կու տայ այն կացութիւնը, որ...

Պաքուի Մէջ Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի  Պետի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարի Հանդիպում

Պաքուի Մէջ Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարի Հանդիպում

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Եաշար Կիւլերի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցած է միջազգային պաշտպանական ցուցահանդէսի ընթացքին: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Կիւլերն ու Հասանովը քննարկած են շրջանային անվտանգութեան, պաշտպանական եւ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ գործակցութեան հարցեր: Նշենք, որ Գանձակի...

Յունաստանի Վարչապետը Անընդունելի,  Իսկ Ուաշինկթըն «Անօգուտ» Կը Նկատէ  Թուրքիոյ Սպառնալիքները

Յունաստանի Վարչապետը Անընդունելի, Իսկ Ուաշինկթըն «Անօգուտ» Կը Նկատէ Թուրքիոյ Սպառնալիքները

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անընդունելի նկատած է Թուրքիոյ սպառնալիքները եւ Յունաստանի գերիշխանութիւնը կասկածի տակ դնելու փորձերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, թէ ան այս մասին ըսած է Սլովաքիոյ նախագահ Զուզանա Չափութովայի հետ հանդիպման ընթացքին: «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ յարձակողական հռետորաբանութեան սրման, Քիրիաքոս Միցոթաքիս ըսած է, որ Յունաստանի անփոփոխ դիրքորոշումը երկխօսութիւնն է, որ հիմնուած է միջազգային...

«Մեծ Հաւանականութիւն Կայ, Որ Շիրին Ապու Աքլէն  Կրնայ Սխալմամբ Իսրայէլեան Բանակի  Փամփուշտով Սպաննուած Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Ատրահի

«Մեծ Հաւանականութիւն Կայ, Որ Շիրին Ապու Աքլէն Կրնայ Սխալմամբ Իսրայէլեան Բանակի Փամփուշտով Սպաննուած Ըլլալ» Կ՛ըսէ Ատրահի

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան յանգած կրակոցի դէպքին շուրջ հետաքննութեան վերջին եզրակացութիւնները. կարելի չէ վճռականօրէն ճշդել, թէ ո՛վ կը կանգնէր Ապու Աքլէի սպանութեան ետին, հակառակ այն իրողութեան, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ լրագրողը կրնայ պաղեստինցի զինեալներ նկատուածներու վրայ կրակոցի ընթացքին սխալմամբ սպաննուած ըլլալ իսրայէլեան բանակի փամփուշտով»: Ատրահի ընկերային ցանցերու ճամբով նշեց. «Հետաքննութեան աւարտով, տուեալները...

«Գերմանիոյ Կողմէ Քիեւ Մատակարարման  Միակողմանի Քայլեր Պիտի Չըլլան»  Կ՛ըսէ Շոլց

«Գերմանիոյ Կողմէ Քիեւ Մատակարարման Միակողմանի Քայլեր Պիտի Չըլլան» Կ՛ըսէ Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց վստահեցուցած է, որ Գերմանիան Ուքրանիոյ զէնք պիտի մատակարարէ միայն իր քայլերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով դաշնակիցներու հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շոլց այս մասին յայտարարած է ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Մենք շատ արդիւնաւէտ զէնքեր կը մատակարարենք` միշտ համաձայնութիւն գոյացնելով մեր ընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ», ըսած է Շոլց` նշելով, որ Գերմանիան Միացեալ Նահանգներու եւ...

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Պիտի Շարունակէ Ամրապնդել  Իր Զինեալ Ուժերն Ու Պաշտպանունակութիւնը»

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Պիտի Շարունակէ Ամրապնդել Իր Զինեալ Ուժերն Ու Պաշտպանունակութիւնը»

Պաքու կը գործակցի աւելի քան հինգ տասնեակ երկիրներու յառաջատար ընկերութիւններու հետ` հզօրացնելու համար իր զինանոցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ըստ Ալիեւի, սպառազինութեան ոլորտին մէջ աշխարհի յառաջատար երկիրներու հետ համագործակցութեան զարգացումէն բացի, Ազրպէյճան նաեւ կը հզօրացնէ սեփական կարելիութիւնները տեղական պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Ալիեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ ամրապնդել...

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Քապուլի Մէջ Ռուսիոյ  Դեսպանատան Մօտ Տեղի Ունեցած Պայթումին  Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Քապուլի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Մօտ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պայթումը երկուշաբթի օր տեղի ունեցած էր դեսպանատան հիւպատոսական բաժանմունքի մուտքին մօտ, ուր աֆղանները կը սպասէին իրենց մուտքի արտօնագիրներու մասին տեղեկութիւններու, եւ երբ ռուս դիւանագէտը շէնքէն դուրս եկած է` մուտքի արտօնագիր ստացողներու անունները յայտարարելու: Զոհուած են դեսպանատան երկու աշխատակիցներ եւ առնուազն...

Գերմանիան Իր Երկու Հիւլէական Կայաններու  Շահագործումը Պիտի Երկարաձգէ Մինչեւ Ապրիլ 2023

Գերմանիան Իր Երկու Հիւլէական Կայաններու Շահագործումը Պիտի Երկարաձգէ Մինչեւ Ապրիլ 2023

Գերմանիան իր երկու հիւլէական կայաններու շահագործումը պիտի երկարաձգէ մինչեւ 2023 թուականի ապրիլ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը: Անոր համաձայն, Գերմանիոյ մէջ մնացած երեք հիւլէական կայաններէն երկուքը, որոնք պէտք է փակուէին մինչեւ այս տարուան վերջը, տակաւին պիտի շարունակեն աշխատիլ, թէեւ կառավարութիւնը չի հրաժարիր երկրին մէջ բոլոր հիւլէական կայանները փակելու իր ծրագիրէն: Նախարարի համաձայն, անոնք պիտի...

Պայտըն Ռուսիան Ահաբեկչութեան  Հովանաւոր Երկիր Հռչակելուն Դէմ Է

Պայտըն Ռուսիան Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Երկիր Հռչակելուն Դէմ Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դէմ արտայայտուած է Ռուսիոյ` ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցանկին վրայ ներառելուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին յայտնած է Ուաշինկթըն վերադառնալէ ետք լրագրողներու հետ կարճատեւ հանդիպումի ընթացքին: «Ո՛չ», ըսած է Պայտըն` պատասխանելով լրագրողներու համապատասխան հարցումին, որմէ ետք ժպտացած է եւ այլեւս որեւէ այլ հարցումի չէ պատասխանած: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր...

Լիզ Թրաս Բրիտանիոյ Վարչապետ

Լիզ Թրաս Բրիտանիոյ Վարչապետ

Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լիզ Թրաս ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար եւ երկրի վարչապետ: Թրաս Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնող երրորդ կինն է: Բրիտանիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեան քուէարկութիւնը աւարտեցաւ շաբաթ օր: Իրար դէմ կը մրցէին ելեւմուտքի նախարար Ռիչի Սոնաքն ու արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրասը: Վերջինս քուէներու 57 առ հարիւրը ապահովեց, իսկ անոր մրցակից Սոնաքը` 43...

Քրեմլին. «Նորտ Սթրիմ» Խողովակաշարի  Ճամբով Կազի Մատակարարումներու Դադրելուն  Պատճառը Արեւմտեան Պատժամիջոցներն Են»

Քրեմլին. «Նորտ Սթրիմ» Խողովակաշարի Ճամբով Կազի Մատակարարումներու Դադրելուն Պատճառը Արեւմտեան Պատժամիջոցներն Են»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Նորտ Սթրիմ»-ի ճամբով վառելանիւթի մղումի խնդիրները յառաջացան մեր երկրին եւ շարք մը ընկերութիւններու վրայ արեւմտեան երկիրներուն, ներառեալ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով: Մղումին մէջ խնդիրներ յառաջացնող որեւէ այլ պատճառ գոյութիւն չունի»: «Պատժամիջոցները կացութիւնը հասցուցին այնպիսի աստիճանի մը, որ կարելի չէ սարքերը նորոգել ու փոխադրել: Անշուշտ, նոյն պատժամիջոցներն են, որ վերանորոգումն ու սարքերու փոխադրումը...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը «Մեծապէս Մտահոգ Է» Էրտողանի` Յունաստանի Հասցէին Կատարած «Թշնամական» Յայտարարութիւններով

Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ «մեծապէս մտահոգ է» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Թուրքիոյ մօտ գտնուող յունական կղզիներուն պատճառով Յունաստանի դէմ կատարած «թշնամական յայտարարութիւններով»: Էրտողան շաբաթ օր ժողովի մը ընթացքին Յունաստանին սպառնացած էր, թէ «սուղ գին մը» պիտի վճարէ` ամբաստանելով Աթէնքը թրքական օդային տարածքը ոտնահարելու եւ Եգէական ծովուն վրայ թրքական պատերազմական օդանաւերուն «նեղութիւն տալու» յանցանքով: «(Թուրքիոյ մօտիկ կղզիներուն) Ձեր բռնագրաւումը մեզ...

Քապուլի Մէջ Ռուսական Դեսպանատան Մօտ Ականի  Պայթումի Պատճառով Դեսպանատան  Երկու Պաշտօնեաներ Մահացան

Քապուլի Մէջ Ռուսական Դեսպանատան Մօտ Ականի Պայթումի Պատճառով Դեսպանատան Երկու Պաշտօնեաներ Մահացան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ մահացած են, երբ երէկ առտու դեսպանատան դարպասին մօտ պայթում տեղի ունեցած է: «Անծանօթ զինեալ մը Քապուլի մէջ մեր դեսպանատան մօտ պայթեցուց ական մը, որուն պատճառով մեր դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ մահացան», ըսաւ նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը շեշտեց. «Քապուլի մէջ մեր դեսպանատունը սերտ հաղորդակցութեան մէջ է աֆղանական ապահովական մարմիններուն հետ, որոնք յարձակումին...

Եւրոպական Միութիւնը Չկրցաւ Ռուս Քաղաքացիներու  Տրամադրուած «Շենկեն» Մուտքի Արտօնագիրներու  Ջնջման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

Եւրոպական Միութիւնը Չկրցաւ Ռուս Քաղաքացիներու Տրամադրուած «Շենկեն» Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Միութեան անդամ պետութիւններուն արտաքին գործոց նախարարները դէմ են ռուս քաղաքացիներուն արդէն իսկ տրուած «Շենկեն» մուտքի արտօնագիրներու ջնջման, որովհետեւ այդպիսի քայլ մը կրնայ քաղաքական հետեւանքներ ունենալ»: Պորել երէկ Փրակայի մէջ արտաքին ու անվտանգութեան միացեալ քաղաքականութեան վերաբերեալ միջազգային խորհրդարանական խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնեց. «Այդ արդէն իսկ տրուած եւ ուժի մէջ եղող մուտքի արտօնագիրները չեղեալ...

Գանձակի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական  Թռիչքային Ռազմափորձեր

Գանձակի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական Թռիչքային Ռազմափորձեր

Երէկ Գանձակի մէջ սկիզբ առած է թուրք-ազրպէյճանական «ԹուրԱզ Քարթալի-2022» մարտավարական-թռիչքային միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Այս նպատակով վերջերս Թուրքիոյ օդուժի օդաչուներու եւ թեքնիք հարցերով անձնակազմի առաջին խումբը մեկնած էր Ազրպէյճան: Երէկ Գանձակի մէջ «ԹուրԱզ Քարթալի-2022» մարտավարական վարժանքներու մեկնարկի ձեռնարկի ընթացքին Ազրպէյճանի օդուժի զօրավար Զաուր Ռուսթամով ընդգծած է, որ նմանօրինակ ռազմափորձերու կատարումը կարեւոր նշանակութիւն ունի միացեալ գործողութիւններու...

Թուրքիան Յունական Օդուժը Մեղադրած Է  ՕԹԱՆ-ի Առաքելութիւն Կատարող Թրքական  Օդանաւը Որսալու Փորձի Համար

Թուրքիան Յունական Օդուժը Մեղադրած Է ՕԹԱՆ-ի Առաքելութիւն Կատարող Թրքական Օդանաւը Որսալու Փորձի Համար

Թուրքիան Յունաստանը մեղադրած է ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւն կատարող թրքական ծովային պարեկային օդանաւը որսալու փորձի համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Անատոլու»-ին: «Անատոլու», յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իր ունեցած աղբիւրներուն, կը գրէ, թէ «Յունաստան «կտրուկ կերպով աւելցուցած է Եգէական եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովերուն մէջ իր յարձակողական վարմունքը», Թուրքիոյ օդային ու ջրային տարածքներուն մէջ խախտումներու դէպքերու...

«Ռուսիոյ Հետ Եւրոպական Կազի Շուկային Մէջ  Մրցակցելու Նպատակ Չունինք»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Ռուսիոյ Հետ Եւրոպական Կազի Շուկային Մէջ Մրցակցելու Նպատակ Չունինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց. «Պաքուն եւրոպական կազի շուկային մէջ Մոսկուայի հետ մրցակցելու նպատակ չունի»: «Կ՛ուզեմ շատ կարեւոր կէտ մը նշել, որ ո՛չ նախապէս, ո՛չ ալ հիմա եւրոպական շուկային մէջ ռուսական կազին հետ մրցակցելու նպատակ ունինք, որովհետեւ մեր իւրայատուկ տեղը ունինք», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի...

Page 244 of 882 1 … 243 244 245 … 882

Արխիւներ