ՄԱԿ յայտարարեց, որ աշխարհը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով առողջապահութեան ու կրթութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ ապրուստի մակարդակին մէջ 5 տարուան նահանջ արձանագրած է, եւ մտավախութիւն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմը առաւել եւս բարդացնէ կացութիւնը:
ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի պատրաստած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 30 տարի առաջ որդեգրումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մարդկային զարգացման ցուցանիշը, որ նկատի կ՛ունենայ կեանքի միջին տարիքը, կրթութիւնն ու ապրուստի մակարդակը, 2020 եւ 2021 տարիներուն յաջորդաբար նուազած է ու վերադարձած 2016-ի ցուցանիշին:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ այս «հսկայական նահանջը» արձանագրուած է աշխարհի երկիրներու աւելի քան 90 առ հարիւրին մէջ:
ՄԱԿ-ի վերոնշեալ գործակալութեան նախագահ Աքիմ Շթայնզ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ասիկա կը նշանակէ, որ կանուխ կը մահանանք, մեր ստացած կրթութիւնը նուազ է եւ մեր եկամուտը նուազած է»:
«Այս երեք արժեչափերով կարելի է գաղափար կազմել մարդոց յուսահատութիւն, ընկճուածութիւն եւ ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն զգալ սկսելնուն պատճառին մասին», շեշտեց ան:
Մինչ վերոնշեալ ցուցանիշը տասնամեակներ շարունակ կը բարձրանար, 2021 թուականին վերադարձաւ 2016-ի մակարդակին, «ջնջելով» տարիներու զարգացումը, եւ ատոր գլխաւոր պատճառը «Քորոնա»-ն էր, հետզհետէ աճող կլիմայական աղէտներն ու ճգնաժամերը, որոնք կը բարդուին առանց բնակիչներուն շունչ քաշելու առիթ տալու:


