Միջազգային

Ապտոլլահեան Կը Հերքէ Ասատը Իշխանութենէն Հեռացնելու Մասին Ռուս-Իրանեան Համաձայնութեան Վերաբերող Լուրը

«Իրան Ուքրանիոյ Տագնապին Մէջ Որեւէ Կողմի Չ՛աջակցիր, Եւ Բուռն Կերպով Կ՛ընդդիմանանք Որեւէ Պատերազմի» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց. «Թեհրան Ուքրանիոյ տագնապին մէջ որեւէ կողմի չ՛աջակցիր` զգուշանալով զայն երկարաձգելէ, եւ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք որեւէ պատերազմի, ըլլայ այդ Ուքրանիոյ, Եմէնի կամ Պաղեստինի մէջ»: Պատասխանելով «Մոնիթըր» կայքի Իրանի` Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր տրամադրելու պնդումներուն վերաբերեալ հարցումին, Ապտոլլահեան նշեց, որ «մենք Ռուսիոյ հետ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնութիւն ունինք»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ու զինադադարի հաստատման...

Անգարան Չի Ծրագրեր Տոնեցքի, Լուկանսքի,  Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Շրջանները  Իբրեւ Ռուսիոյ Մաս Ճանչնալ

Անգարան Չի Ծրագրեր Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Շրջանները Իբրեւ Ռուսիոյ Մաս Ճանչնալ

Թուրքիան չի պատրաստուիր Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի եւ Զափորոժիէի շրջաններուն Ռուսիոյ կազմ մտնելը ճանչնալու, ինչպէս եղաւ Խրիմի պարագային: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` Թոքիոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Մենք Խրիմի բռնակցումը չենք ճանչնար եւ ատոր մասին Ռուսիոյ կ՛ըսենք: Մենք մտահոգութիւն յայտնած ենք Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի հանրաքուէներուն վերաբերեալ: Մենք...

«Ռուսիոյ Կողմէ Հիւլէական Զէնքի Գործածութեան  Պարագային Միացեալ Նահանգներու Վարչակազմը  Գործողութիւններու Ծրագիր Ունի»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ռուսիոյ Կողմէ Հիւլէական Զէնքի Գործածութեան Պարագային Միացեալ Նահանգներու Վարչակազմը Գործողութիւններու Ծրագիր Ունի» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մշակած է յատուկ գործողութիւններու ծրագիր` Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնքի հաւանական գործածութեան արձագանգելու համար: Ան այս մասին ըսած է «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Այո՛, մենք զայն ունինք», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական զէնքի գործածութեան պարագային...

Աջերը Յաղթական` Իտալիոյ  Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Աջերը Յաղթական` Իտալիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Իտալացի աջերը համոզիչ յաղթանակ տարած են կիրակի օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Քուէներու նախնական հաշուարկին համաձայն, խորհրդարանի վերին պալատին` Ծերակոյտի ընտրութիւններուն աջ ուժերու դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն Ճորճիա Մելոնիի «Իտալիոյ եղբայրներ», նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի «Յառաջ Իտալիա» եւ Մաթէօ Սալվինիի «Լիկա» կուսակցութիւնները, ստացած է ընտրողներու քուէներուն 44 առ հարիւրը, իսկ ստորին պալատին մէջ` 43 առ հարիւրը: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ,...

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ  Տումայի Նախագահին Հետ

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Տումայի Նախագահին Հետ

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Բանակցութիւններու սկիզբը ռուս պաշտօնատարը Ալիեւին յայտնած է անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները: «Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան առաւելապէս նախագահներու գործադրած ջանքերուն շնորհիւ», նշած է Վոլոտին: Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին Տումայի նախագահը նաեւ ընդգծած է. «Տուման...

Ղազախստանի Մէջ Ընթացք Առին ՀԱՊԿ-ի  Արագ Արձագանգման Ուժերու Ռազմափորձերը

Ղազախստանի Մէջ Ընթացք Առին ՀԱՊԿ-ի Արագ Արձագանգման Ուժերու Ռազմափորձերը

Ղազախստանի հարաւ-արեւելքը` Ճամպիլի եւ Ալմաթիի մարզերուն մէջ երէկ ընթացք առին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արագ արձագանգման ուժերու «Համագործակցութիւն-2022», «Որոնում-2022» եւ «Էշելոն-2022» խորագիրներով ռազմափորձերը: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Նախարարութեան համաձայն, մինչեւ 8 հոկտեմբեր երկարող ռազմափորձերուն ընթացքին «պիտի մշակուին պարեկային ծառայութեան, հակաօդային պաշտպանութեան եւ բազմակողմանի ապահովման հարցերը»: ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտը նախապէս հաղորդած էր,...

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը  Հարուածած Է Իրաքի Հիւսիսը Գտնուող  Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Հարուածած Է Իրաքի Հիւսիսը Գտնուող Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ Յեղափոխական պահակագունդի «Համզէ Սայետ Շուհատա» զօրամասը Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ (Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը) հրետանային եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսը տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն: Յեղափոխական պահակագունդը շաբաթ օր յայտարարած էր, որ իր ստորաբաժանումները սկսած  են Իրաքի հիւսիսը «հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերու ոչնչացման:...

Քալըն. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Բնական  Կազի Եւրոպական Միութիւն Փոխադրութեան  Շուրջ Կը Բանակցի»

Քալըն. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Բնական Կազի Եւրոպական Միութիւն Փոխադրութեան Շուրջ Կը Բանակցի»

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիան եւ Իսրայէլը բնական կազի Եւրոպական Միութիւն փոխադրութեան շուրջ կը բանակցի, եւ հոկտեմբերին այս հարցին շուրջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ժողով մը որոշուած է»: Ան հարցումի մը պատասխանելով լրագրողներուն շեշտեց. «Այս բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են»: Քալըն մայիսին նշած էր, որ «Արեւելեան Միջերկրականէն եկող կազը կրնայ Եւրոպական Միութեան ռուսական մատակարարումներուն այլընտրանք մը ըլլալ»` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ...

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի.  Ռուսիայէն Դէպի Բռնագրաւեալ Հիւսիսային  Կիպրոս Թռիչքները Պիտի Սկսին Նոյեմբերին

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Ռուսիայէն Դէպի Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոս Թռիչքները Պիտի Սկսին Նոյեմբերին

Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիայէն դէպի բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս թռիչքներու մանրամասնութիւնները աւելի յստակ դարձած են: Մոսկուայէն բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի «Էրչան» օդակայան թռիչքները նախատեսուած են նոյեմբերին, եւ թռիչքի ընթացքին էջք պիտի կատարուի Անթալիոյ մէջ: Ըստ օրաթերթին ստացած տեղեկութեան, այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան վարչապետ Էօնալ Էօսթել, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆիքրի Աթաօղլու եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Իրհան Արիքլի կարելի ամէն...

Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ապտոլլահեան Ընդգծած Է Շրջանին Մէջ  Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Եւ Սահմաններու  Փոփոխութեան Անընդունելիութեան Մասին  Թեհրանի Դիրքորոշումը

Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապտոլլահեան Ընդգծած Է Շրջանին Մէջ Որեւէ Աշխարհաքաղաքական Եւ Սահմաններու Փոփոխութեան Անընդունելիութեան Մասին Թեհրանի Դիրքորոշումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան քննարկած են Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը: Ան նշած է, որ իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր: Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը հաղորդեց, որ Ապտոլլահեան Պայրամովին յայտնած...

Մաքրոն Կը Նախազգուշացնէ «Ժողովրդավարութիւններու Ճգնաժամ»-էն

Մաքրոն Կը Նախազգուշացնէ «Ժողովրդավարութիւններու Ճգնաժամ»-էն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը նախազգուշացնէ «ճնշում»-ի եւ «ապակայունացում»-ի բազմաթիւ տարիներէ ետք «Ժողովրդավարութիւններու ճգնաժամ»-էն, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան կը մտահոգուի՞ ժողովրդավարութեան համար, Մաքրոն ըսած է. «Ես կը մտահոգուիմ բոլորիս համար: Ես կ՛ատեմ դասախօսութիւններ տալը, սակայն կը հաւատամ, որ այն, ինչ որ քարտէսին վրայ դրուած է, այն է, ինչ որ մենք...

Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մինչեւ Տարեվերջ  ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնական Անդամ Պիտի Դառնան

Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մինչեւ Տարեվերջ ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնական Անդամ Պիտի Դառնան

Ֆինլանտան եւ Շուէտը մինչեւ տարեվերջ ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական անդամներ պիտի դառնան: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը` վկայակոչելով Ֆինլանտայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տակլըս Հիքի յայտարարութիւնները: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, որ իր պաշտօնը ստանձնած է ապրիլին, լաւատեսութիւն յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ը մինչեւ տարեվերջ պիտի ունենայ 32 անդամ: Օրաթերթին տուեալներով` ՕԹԱՆ-ի 30 անդամներէն միայն երեքը մնացած են վաւերացնելու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի Հիւսիսային ատլանտեան...

Քրեմլին. «Հանրաքուէներու Դրական Արդիւնքին  Պարագային` Ռուսիան Տոնպասին Ու Այլ Տարածքներու  Վերատիրանալու Ուքրանիոյ Փորձերը  Իր Հողերուն Վրայ Յարձակում Պիտի Նկատէ»

Քրեմլին. «Հանրաքուէներու Դրական Արդիւնքին Պարագային` Ռուսիան Տոնպասին Ու Այլ Տարածքներու Վերատիրանալու Ուքրանիոյ Փորձերը Իր Հողերուն Վրայ Յարձակում Պիտի Նկատէ»

Երէկ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերուն մէջ ընթացք առաւ Ռուսիոյ միանալու հարցին շուրջ հանրաքուէներու քուէարկութիւն, որ պիտի երկարի մինչեւ 27 սեպտեմբեր: Անյապաղ հանրաքուէ կատարելու հարցը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններու հանրային պալատներուն մէջ արծարծուած էր շաբաթասկիզբին, եւ անոնք երկուշաբթի օր այս պահանջը ուղղած էին ղեկավարներուն: Թուականները...

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գործարքի  Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան Առաջարկը Վերջինն Է»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գործարքի Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան Առաջարկը Վերջինն Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան առաջարկը վերջինն է: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն: «Կը կարծեմ, որ գործարքին կարելի է հասնիլ: Մենք գիտենք, որ պէտք է կնքենք այս համաձայնագիրը, սակայն պէտք է յստակ կերպով հասկցնենք, որ ասիկա վերջին առաջարկն է», ըսած է ան: Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, «ասիկա կրնայ...

Խըրխըզիստանը Կը Նախաձեռնէ Տաճիկիստանը  ՀԱՊԿ-էն Հեռացնելու Ընթացակարգին

Խըրխըզիստանը Կը Նախաձեռնէ Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Հեռացնելու Ընթացակարգին

Խըրխըզիստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մարատ Իմանքուլով յայտարարած է, որ Պիշքեքը կը նախաձեռնէ Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն հեռացնելու ընթացակարգ: Այս մասին կը հաղորդէ խըրխըզական «էքոնոմիստ» կայքը: «Այո՛, մենք նախաձեռնած ենք այս հոլովոյթին: Մենք արդէն քանի մը անգամ արծարծած ենք ու կը պատրաստուինք դարձեալ արծարծել: Անդամ պետութիւններուն միջեւ ծագած հարցերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճամբով: Եթէ ոեւէ մէկը ուզէ ուժ կիրարկել, մենք կ՛առաջարկենք զայն...

«Ռուսիոյ Միացած Տարածքներու Պաշտպանութեան Համար Կարելի Է Որեւէ Զէնք, Ներառեալ Հիւլէականը Օգտագործել»  Կ՛ըսէ Մետվետեւ

«Ռուսիոյ Միացած Տարածքներու Պաշտպանութեան Համար Կարելի Է Որեւէ Զէնք, Ներառեալ Հիւլէականը Օգտագործել» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց. «Ուքրանիայէն Ռուսիոյ միացած տարածքներու պաշտպանութեան համար Մոսկուայի զինանոցին մէջ գտնուող որեւէ զէնք, ներառեալ հիւլէականը կարելի է օգտագործել»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Ռուսական ու անջատողական իշխանութիւններուն կողմէ ուքրանական լայն տարածքներու վրայ ծրագրած հանրաքուէները պիտի կայանան, ետդարձ չկայ», ըսաւ Մետվետեւ: «Արեւմտեան կառոյցն ու ընդհանուր առմամբ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու բոլոր քաղաքացիները պէտք է հասկնան,...

«Իրանը Շրջանի Սահմանները Փոխելու Երազանքը Մղձաւանջի Պիտի Վերածէ»  Կ՛ըսէ Ժալալզատէ

«Իրանը Շրջանի Սահմանները Փոխելու Երազանքը Մղձաւանջի Պիտի Վերածէ» Կ՛ըսէ Ժալալզատէ

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի ղեկավար Վահիտ Ժալալզատէ յայտարարած է. «Իրանը շրջանի սահմանները փոխելու երազանքը մղձաւանջի պիտի վերածէ»: Այս մասին կը հաղորդէ «փարսթուտէյ» կայքը: Ժալալզատէ պատկերասփիւռային զրոյցի ընթացքին, մտահոգութիւն յայտնելով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու վերաբերեալ, ըսած է. «Իսլամական խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնախումբը կ՛ուսումնասիրէ վերջին զարգացումները»: Ան յայտարարած է, որ Թեհրան Ազրպէյճանի, Հայաստանի,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը  Իր Դաշնակիցներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ամբողջովին  Դադրեցնելու Իրանեան Քարիւղի Ներածումը

Իրան Շուտով Օրական 9 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Ռուսական Կազ Պիտի Գնէ. Մատակարարումը Պիտի Կատարուի Ազրպէյճանի Տարածքով

Իրան կը նախատեսէ շուտով սկսիլ օրական 9 միլիոն խորանարդ մեթր ռուսական կազ գնել: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Իրանի քարիւղի նախարարութեան զեկուցումին մէջ: Մատակարարումները պիտի կատարուին Ազրպէյճանի տարածքով` Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութեան եւ «Կազփրոմ»-ի կողմէ յուլիսի շուրջ 40 միլիառ տոլար արժողութեամբ ստորագրուած ուժանիւթային համագործակցութեան մասին յուշագիրի ծիրին մէջ: Բացի ուրկէ, Թեհրան 6 միլիոն խորանարդ մեթր հեղուկ բնական կազ...

Տեղի Ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի Յուղարկաւորութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան 2000 հրաւիրեալներ, ներառեալ միջազգային ղեկավարներ եւ  տարբեր թագաւորներ: Հիւրերուն շարքին էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ճափոնի Նաուհիթօ կայսրն ու Մասաքօ կայսրուհին, Յորդանանի Ապտալլա թագաւորն ու Ռանիա թագուհին, եւրոպական թագաւորական տոհմերու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, վեց բրիտանացի նախկին վարչապետներ: Սուրիայէն, Վենեզուելայէն, Աֆղանիստանէն,...

Իրան. «Մենք Կարող Ենք Եւրոպայի Կազի  Կարիքները Բաւարարել»

Իրան. «Մենք Կարող Ենք Եւրոպայի Կազի Կարիքները Բաւարարել»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտարարեց. «Մենք կարող ենք Եւրոպայի կազի կարիքները բաւարարել»: «Մեր հիւլէական գործունէութիւնը ամբողջովին խաղաղասիրական է, եւ ատոր փաստերը կան: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան զեկուցումները կը հաստատեն ատիկա, եւ գործակալութիւնը պէտք չէ երրորդ կողմերու ճնշումներէն ազդուի», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ մեր շինիչ գործակցութիւնը շարունակելու եւ մեզի դէմ ներկայացուած...

Page 242 of 882 1 … 241 242 243 … 882

Արխիւներ