Միջազգային

Հնդկաստանը Յաջողութեամբ Փորձարկեց Հիւլէական Մարտագլխիկ Կրելու Կարող «Ակնի-3» Հրթիռը

Հնդկաստանը Յաջողութեամբ Փորձարկեց Հիւլէական Մարտագլխիկ Կրելու Կարող «Ակնի-3» Հրթիռը

Հնդկաստանը կատարած է «Ակնի-3» թեւաւոր հրթիռի փորձառական արձակում. հրթիռը կրնայ կրել հիւլէական մարտագլխիկ: Այս մասին հաղորդած է «Ինտիըն Էքսփրես» օրաթերթը` յղում կատարելով հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան: Հրթիռը արձակուած է Ապտուլ Քալամ կղզիի թռիչքադաշտէն, որ կը գտնուի հնդկական Օտիշա նահանգի արեւելքը, Պենկալեան ծոցին մէջ: «Հնդկաստան կատարած է միջին հեռահարութեան «Ակնի-3» թեւաւոր հրթիռի յաջող փորձառական արձակում: Փորձարկումը մէկ մասն է կանոնաւոր ուսումնական արձակումներու,...

Հիւսիսային Քորէան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու «Խամաճիկ» Կոչած Է

Հիւսիսային Քորէան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու «Խամաճիկ» Կոչած Է

Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Ցոյ Սոն Հին ափսոսանք կը յայտնէ Քորէական թերակղզիին շուրջ ստեղծուած կացութեան մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմնակալ վերաբերմունքին համար եւ զինք կոչած Միացեալ Նահանգներու «խամաճիկը»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հիւսիսային Քորէայի Կեդրոնական հեռագրային գործակալութեան: Հիւսիսային քորէացի դիւանագէտը իր յայտարարութեան մէջ պնդած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է աւելի բարձր...

«Յունաստանը Թուրքիոյ Կողմէ Պատերազմի Սպառնալիք Կը Դիմագրաւէ»  Կ՛ըսէ Տենտիաս

«Յունաստանը Թուրքիոյ Կողմէ Պատերազմի Սպառնալիք Կը Դիմագրաւէ» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Յունաստան Թուրքիոյ կողմէ պատերազմի սպառնալիք կը դիմագրաւէ: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս: Անոր համաձայն, Աթէնք կը դիմագրաւէ իր գերիշխանութեան նկատմամբ մարտահրաւէր, այլատեսակ սպառնալիքներու շարք եւ երկիրը արտերկրի մէջ վարկաբեկելու բացայայտ փորձ: Ան նշած է, որ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մէկ անգամ չէ, որ բախումներ եղած են, սակայն ներկայիս կացութիւնը կը տարբերի...

«Իրանցի Ցուցարարները Կը Զինուին, Անոնք Իրաքեան Քիւրտիստանէն Զէնք Կը Ստանան»  Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Իրանցի Ցուցարարները Կը Զինուին, Անոնք Իրաքեան Քիւրտիստանէն Զէնք Կը Ստանան» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն ըսած է, որ Իրանի մէջ երկու ամիսէ ի վեր պայքարող ընդդիմադիր ցուցարարները կը զինուին: Ըստ անոր, ընդդիմադիրները զէնք կը ստանան իրաքեան Քիւրտիստանէն: Իրանեան «Փրես» պատկերասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլթըն այս մասին ըսած է «Պի.Պի.Սի.»-ի Լոնտոնէն հեռարձակուող իրանեան ծառայութեան: Պոլթըն, որ տարիներ շարունակ գլխաւորած է Թրամփի...

«Օդային Հարուածները Միայն Սկիզբն Են. Պիտի Սկսինք Թել Ռիֆաաթ, Մընպեժ Եւ Արաբ Բունար Շրջանները Մաքրել» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Օդային Հարուածները Միայն Սկիզբն Են. Պիտի Սկսինք Թել Ռիֆաաթ, Մընպեժ Եւ Արաբ Բունար Շրջանները Մաքրել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ պատահած պայթումին բոլոր մեղսակիցները պիտի գտնուին ու հաշուետուութեան ենթարկուին»: «Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ յարձակումներուն նկատմամբ եւ գիտէ այն կողմերը, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ՛աջակցին, եւ իրաւունք ունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր սեփական խնդիրները լուծելու», աւելցուց ան: «Դէպքերը ցոյց տուին, որ այն ուժերը, որոնք երաշխիքներ տուին, թէ Թուրքիան իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Ռուսիան Իբրեւ «Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Պետութիւն» Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Եւրոպական խորհրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց Ռուսիան իբրեւ «ահաբեկչութեան հովանաւոր պետութիւն» ճանչցող բանաձեւ մը: Այս մասին հաղորդեց «Քոմմերսանթ»-ը: Փաստաթուղթը իրաւաբանօրէն պարտադիր չէ եւ խորհրդատուական բնոյթ ունի: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ ռուս զինուորները կը թիրախաւորեն Ուքրանիոյ մէջ քաղաքային վայրեր, ներառեալ ուժանիւթի ենթակառոյցները, հիւանդանոցները, դպրոցները եւ ապաստարանները: Ասիկա միջազգային օրէնքի խախտում է: Բանաձեւին թեր քուէարկած է 494 երեսփոխան, դէմ` 58, ձեռնպահ մնացած...

Թուրքիան Ուքրանիոյ Տրամադրած Է «Թի.Էլ.Առ.Ճի. 230» Հրթիռային Բազմափող Համակարգեր

Թուրքիան Ուքրանիոյ Տրամադրած Է «Թի.Էլ.Առ.Ճի. 230» Հրթիռային Բազմափող Համակարգեր

Թուրքիան Ուքրանիոյ տրամադրած է «Թի.Էլ.Առ.Ճի.-230» համազարկային հրթիռային բազմափող համակարգեր: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՈՒՆԻԱՆ»-ը: Ըստ տեղեկութիւններուն, այս տիպի համակարգը կրնայ աշխատիլ «Պայրաքթար Թի.Պի.2» անօդաչու թռչող սարքերու հետ միասին: Կը նշուի, որ մատակարարուած սարքերու եւ հրթիռներու թիւը անյայտ է:

Երուսաղէմի Մէջ Երկու Պայթում

Երուսաղէմի Մէջ Երկու Պայթում

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Երուսաղէմի մուտքին փոխադրակառքերու կայարանի մը մօտ պայթումի մը պատճառով 10 անձեր վիրաւորուած են: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այլ պայթում մըն ալ տեղի ունեցած է Արեւմտեան Երուսաղէմի հարաւը գտնուող փոխադրակառքերու կայարանի մը մօտ: «Ժազիրա» յայտնեց, որ Երուսաղէմի մէջ փոխադրակառքերու իրարու մօտ գտնուող երկու կայարաններու մէջ պատահած  պայթումին պատճառով արձանագրուած են զոհ մը եւ 14...

Ալիեւ Այցելեց Սերպիա

Ալիեւ Այցելեց Սերպիա

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնական այցելութիւն տուած է Սերպիա: Պելկրատի օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պելկրատի համաձայն, այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նախագահներու մակարդակով երկկողմանի բանակցութիւններ, որոնց պիտի յաջորդէ երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրում: Կողմերը այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած: Ալիեւ Պելկրատ հասած է իր սերպ պաշտօնակիցին հրաւէրով, Վուչիչ օգոստոսին յայտարարած էր, որ...

Բրիտանիոյ Գերագոյն Դատարանը Սկովտիոյ Կառավարութեան Արգիլած Է Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել

Բրիտանիոյ Գերագոյն Դատարանը Սկովտիոյ Կառավարութեան Արգիլած Է Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել

Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարանը վճռած է, որ Սկովտիոյ կառավարութիւնը չի կրնար միակողմանիօրէն Բրիտանիայէն անջատուելու վերաբերեալ երկրորդ հանրաքուէ կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «Սի.Էն.Էն.»-ին: Սկովտիոյ ազգային կուսակցութիւնը կը փորձէր յաջորդ հոկտեմբերին հանրաքուէ կատարել, սակայն դատարանը միաձայնութեամբ մերժած է այդ դիմումը, որովհետեւ հանրաքուէի կատարումը Բրիտանիոյ խորհրդարանին կողմէ հաւանութեան չէ արժանացած: Սկովտիան վերջին անգամ քուէարկութիւն կատարած էր 2014 թուականին` Բրիտանիոյ խորհրդարանին...

«Գերմանիան Կ՛ուզէր, Որ Ուքրանիան Արագ Պարտուէր, Ֆրանսան Մինչեւ Վերջին Պահը Կը Ժխտէր, Իտալիան Չէր Ուզեր Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Գերմանիան Կ՛ուզէր, Որ Ուքրանիան Արագ Պարտուէր, Ֆրանսան Մինչեւ Վերջին Պահը Կը Ժխտէր, Իտալիան Չէր Ուզեր Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Պորիս Ճոնսըն շարք մը աղմկայարոյց յայտարարութիւններ կատարած է եւրոպական երկիրներու` Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ դիրքորոշման մասին: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ ըստ Ճոնսընի, Գերմանիան կ՛ուզէր, որ Ուքրանիան արագ պարտութիւն կրէր, մինչդեռ Ֆրանսան մինչեւ վերջին պահ «կը ժխտէր» Ռուսիոյ ներխուժման հաւանականութիւնը, քանի տակաւին ռուսական զօրքերը չէին կտրած սահմանը: Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը ըսած է, որ 24 փետրուարի ներխուժումէն առաջ պատերազմող...

«Ուքրանիան Տակաւին Պէտք Է Ազատագրէ Ռուսիոյ Կողմէ Գրաւուած Շուրջ 2000 Գիւղ Եւ Քաղաք» Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Ուքրանիան Տակաւին Պէտք Է Ազատագրէ Ռուսիոյ Կողմէ Գրաւուած Շուրջ 2000 Գիւղ Եւ Քաղաք» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիան տակաւին պէտք է ազատագրէ եւ վերականգնէ Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած շուրջ 2000 գիւղ եւ քաղաք: «Եուքրիֆորս» կը հաղորդէ, որ այս մասին երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ըսած է Ֆրանսայի քաղաքապետներու 104-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: «Ընդհանուր առմամբ կայ եւս շուրջ 2 հազար քաղաք եւ գիւղ, որոնք մենք պէտք է ազատագրենք եւ վերականգնենք: Անոնցմէ առնուազն տասնեակները ամբողջութեամբ ոչնչացուած են ռուսական...

«Սուրիոյ Եւ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Նախատեսուող  Գործողութեան Մասնակցելու Համար Ցամաքային Ուժերու Թիւի Գնահատումը Կը Կատարենք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սուրիոյ Եւ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Նախատեսուող Գործողութեան Մասնակցելու Համար Ցամաքային Ուժերու Թիւի Գնահատումը Կը Կատարենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները «միայն օդային հարուածներ չէին»: «Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան ցամաքային ուժերու մասնակցութեան վերաբերեալ քննարկումներ պիտի կատարենք», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը: «Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախատեսուող գործողութեան մը մասնակցելու համար պէտք եղող ցամաքային ուժերու թիւի գնահատում եւ ատոր շուրջ խորհրդակցութիւն կը կատարէ», աւելցուց ան: «Հիւսիսային Սուրիոյ...

Էրտողան Եւ Սիսի Մոնտիալի Բացման  Հանդիսութեան Ընթացքին  Իրարու Ձեռք Սեղմեցին

Էրտողան Եւ Սիսի Մոնտիալի Բացման Հանդիսութեան Ընթացքին Իրարու Ձեռք Սեղմեցին

Միջազգային լրատու գործակալութիւններ հրապարակեցին Քաթարի մէջ 2022-ի Մոնտիալի բացման արարողութեան ընթացքին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ ձեռք սեղմելու լուսանկարը: Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց, որ Էրտողանի եւ անոր եգիպտացի պաշտօնակիցին միջեւ երկկողմանի հանդիպում ծրագրուած չէ: Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը կիրակի օր «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Էրտողանի եւ Սիսիի միջեւ երկկողմանի հանդիպում ունենալու...

«Թեհրան Պաքուէն Դրական  Ազդակներ Ստացած Է»  Կ՛ըսէ Քենաանի

«Թեհրան Պաքուէն Դրական Ազդակներ Ստացած Է» Կ՛ըսէ Քենաանի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ իր երկիրը երկկողմանի բանակցութիւններու ընթացքին Ազրպէյճանէն «դրական ազդակներ» ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Մեկնաբանելով Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին հակասութիւնները` Նասեր Քենաանի երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Դրացիներու, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ մեր սկզբունքը փոխադարձ յարգանքն է, յարաբերութիւններու խորացումը եւ երկկողմանի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան  Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ Պաքու

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ Պաքու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Քամերոն Միլըրտ հասած է Պաքու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Հաղորդագրութեան համաձայն, ամերիկացի պաշտօնեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու, տնտեսական եւ քաղաքական փորձագէտներու, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործընկերներու հետ: Ամերիկեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան համաձայն, Միլըրտ ուրբաթ օր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի խորհրդարանականներու հետ, քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւնները:...

Սթոլթենպերկ Շուէտին Եւ Ֆինլանտային  Խորհուրդ Տուած Է Ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի Հետ  Համագործակցութիւնը

Սթոլթենպերկ Շուէտին Եւ Ֆինլանտային Խորհուրդ Տուած Է Ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութիւնը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան պէտք է խստացնեն իրենց հակաահաբեկչական օրէնսդրութիւնը եւ ընդլայնեն համագործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ: Ան այս մասին ըսած է «Էս.Վի.Թի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Սթոլթենպերկի պնդումով, ասիկա շատ կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որովհետեւ անիկա առաւել յաճախ կ՛ենթարկուի երկրին մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկչական յարձակումներուն: «Թուրքիոյ համար ատիկա կարեւոր է, որովհետեւ ան ՕԹԱՆ-ի...

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը  Հրթիռներով  Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածած Է  Հիւսիսային Իրաքի Մէջ «Անջատողական  Ահաբեկիչներու» Կեդրոնը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածած Է Հիւսիսային Իրաքի Մէջ «Անջատողական Ահաբեկիչներու» Կեդրոնը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հանրային կապերու բաժանմունքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց հիւսիսային Իրաքի շրջանին մէջ իրանցի «անջատողական ահաբեկիչներու» կեդրոնին վրայ հրթիռային ու անօդաչու թռչող սարքերով նոր յարձակումներու մասին: Այդ գործողութիւնները, որոնք սկիզբ առած են երկուշաբթի օրուան արշալոյսի առաջին ժամերուն, թիրախ դարձուցած են հիւսիսային Իրաքի մէջ Իրանի թշնամի անջատողական ահաբեկիչներու կեդրոնատեղին եւ մնացեալ կեդրոնները: Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ թիրախները քանդուած են եւ...

Իրան Կը Քննադատէ Հիւլէական Ուժանիւթի  Միջազգային Գործակալութեան Բանաձեւը

Իրան Կը Քննադատէ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Բանաձեւը

Թեհրան կը քննադատէ ՄԱԿ-ի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան բանաձեւը, որ Իրանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ համագործակցելու երկրի չյայտարարագրուած կառոյցներուն մէջ իւրանիոմի հետքերու քննութեան ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասեր Քենաանիի համաձայն, Թեհրանը արեւմտեան երկիրներուն նախազգուշացուցած է հետեւանքներու մասին` պնդելով, որ փաստաթուղթի նպատակը «Իրանի նկատմամբ ճնշումները մեծցնելն է»: Հիւլէական գործարքի վերականգնման հարցով բանակցութիւններուն...

Իրան Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Կ՛ուժեղացնէ  Ուժերը` «Շրջանին Մէջ Անջատողական  Խմբաւորումներու Տեղաշարժերը Դիմակայելու Համար»

Իրան Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Կ՛ուժեղացնէ Ուժերը` «Շրջանին Մէջ Անջատողական Խմբաւորումներու Տեղաշարժերը Դիմակայելու Համար»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն` կ՛ուժեղացնէ իր ուժերը Իրանի հիւսիսարեւմտեան բաժիններուն մէջ` շրջանին մէջ անջատողական ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղաշարժերը դիմակայելու համար: Այս մասին կը գրէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: «Հետեւելով երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ չարագործներու ու հակաիրանեան անջատողական ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղաշարժերուն եւ որոշ շրջաններու մէջ չարութեան ու անապահովութեան ստեղծման` Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու «Համզէ Սայետ ալ Շուհատա» ռազմակայանը,...

Page 232 of 882 1 … 231 232 233 … 882

Արխիւներ