Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը յաջողութեամբ օդային հարուածներ հասցուցած է հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ «ահաբեկիչներու որջերուն»:
Աքար հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ «Սուրի ճանկ» գործողութիւնը «յաջողութեամբ» կը շարունակուի` նշելով. «Մեծ յաջողութեամբ եւ ուղղակի հարուածներով քանդուած են ահաբեկիչներուն պատկանող որջեր, թաքստոցներ, փապուղիներ եւ պահեստանոցներ»:
Թրքական օդուժը շաբաթ օր օդային հարուածներ հասցուց քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու Քրաչուքի, Հասաքէի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Մալիքիա քաղաքին մօտ գտնուող ելեկտրակայանի շրջանին ու Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող դիրքերու:
Թրքական բանակը շաբաթ գիշեր յայտարարեց, որ 20 օդային հարուած հասցուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն:
Թրքական լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ յարձակումին մասնակցած են աւելի քան 50 ռմբաձիգներ եւ 20 անօդաչու թռչող սարքեր:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրենց օդային գործողութիւնը գործադրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն, ինքնապաշտպանութեան նպատակով: «Հաշուեյարդարի ժամը եկած է», գրուած է նախարարութեան թուիթըրեան էջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Պոլսոյ Իսթիքլալ թաղամասին մէջ ական մը պայթեցաւ` պատճառելով 6 զոհ եւ 81 վիրաւոր: Թրքական իշխանութիւններուն պնդումով գործողութիւնը կազմակերպուած էր ՔԱԿ-ի եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:
Զինուորական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակի շարք մը զինուորականներ մահացած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին ու Հասաքէի վրայ կատարուած թրքական յարձակումներուն պատճառով:
Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, թրքական յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են 12 զոհեր, որոնցմէ 6-ը` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու անդամներ են, իսկ 6-ը` սուրիական բանակի զինուորներ:


