Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան պիտի փոխհատուցէ երրորդ երկիրներուն հասցուած վնասը, եթէ նման խնդիր յառաջանայ հակառուսական պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Պատժամիջոցներու հետեւանքները պէտք է մանրակրկիտ սերտուին եւ ճշդուին: Ատոնք պէտք չէ ազդեն գումակային գործօններու վրայ: Երէկ մենք շատ արդիւնաւէտ քննարկում ունեցանք ուրոյն խնդիրներու շուրջ, զորս պիտի ուզէինք շատ ուշադիր լուծել, սակայն ատոնք ուղղուած չեն երրորդ երկիրներու տնտեսութեան: Եթէ կան ուղեկցող որոշ հետեւանքային վնասներ, մենք զանոնք պիտի փոխհատուցենք», ըսած է Պորել Ասթանայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը կրնա՞յ երաշխաւորել, որ պատժամիջոցները պիտի չազդեն Ղազախիստանի տնտեսութեան վրայ:
Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեամբ պայմանաւորուած` Եւրոպական Միութիւնը մեծցուցած է Ռուսիոյ վրայ պատժամիջոցային ճնշումը: Ռուսիան բազմիցս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ հակառուսական պատժամիջոցները բացասաբար կ՛ազդեն համաշխարհային տնտեսութեան վրայ:
Մոսկուան նոյն ատեն յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի դիմակայէ պատժամիջոցներու ճնշումը: