Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցած է ուժգին երկրաշարժ մը, որուն պատճառով արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղական իշխանութիւնները լրագրողներուն յայտնած են. «Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, այս պահուն միայն այս հիւանդանոցին մէջ մահացած է շուրջ 20 մարդ, առնուազն 300 հոգի հիւանդանոցին մէջ դարմանուած է»:
ԱՖՓ աւելի ուշ նշած է, որ զոհերուն թիւը առնուազն 44 է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է Արեւմտեան Ժաւա նահանգին մէջ, անոր ուժգնութիւնը կազմած է 5,6 աստիճան: