Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին նշած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հասարակաց շահերը յարգելու հիմամբ պահպանելու կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով երկու օր առաջ Այսրյորդանանի մէջ արձանագրուած դէպքերուն համար:
Նեթանիահու իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնած է անցեալ կիրակի Պոլսոյ մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար:
Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու ղեկավարները համաձայնած են միասնաբար աշխատիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու նոր ժամանակաշրջան մը սկսելու շուրջ` նշելով. «Անոնք քննարկեցին տնտեսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները»:


